2015-07-07 09:59:00

Ոստիկանութիւնը, երթեւեկութեան առջեւ բացաւ Բաղրամեան պողոտան


երկուշաբթի, 6  յուլիսին, ցրուեցին ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացման դէմ բողոքող ցուցարարները Բաղրամեան պողոտային վրայ: Առաւօտեան ոստիկանութիւնը յայտարարութեամբ մը յայտնեց, որ կը «պատրաստուի վերաբանալու Բաղրամեան պողոտան եւ երթեւեկելի հատուածէն  հեռացնելու շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր երթեւեկը խոչընդոտող առարկաները»:

«Հակառակ այն հանգամանքին, որ ոստիկանութիւնը ապօրինի հաւաքի կազմակերպիչներուն եւ  մասնակիցներուն առաջարկած էր ինքնակամ վերացնել Բաղրամեան պողոտայի արգելակումը, այդ յորդորները վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին  ամբողջութեամբ անտեսուեցան: Այսուհանդերձ, ոստիկանութիւնը անգամ մը եւս, եւ վերջին անգամ, կ՛առաջարկէ հաւաքի կազմակերպիչներուն եւ  մասնակիցներուն` (երէկ) մինչեւ ժամը 12:30 ինքնակամ վերացնել Բաղրամեան պողոտայի արգելակումը: Հակառակ պարագային, ժամը 12:30-էն սկսեալ ոստիկանութիւնը ատիկա պիտի իրականացնէ իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու գործադրման միջոցով», յայտարարեց ոստիկանութիւնը` վստահեցնելով, որ նշեալ գործողութիւնները ուղղուած պիտի չըլլան հաւաքի դադրեցման, եթէ ատիկա պիտի շարունակուի Բաղրամեան պողոտայի ոչ երթեւեկելի հատուածին մէջ եւ պիտի  չխոչընդոտէ ատոր բնականոն ընթացքը:

Փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան կէսօրին ցուցարարներուն մօտենալով յայտարարեց, որ ցուցարարներուն 30 վայրկեան ժամանակ կը  տրուի պողոտան բանալու համար: «Յարգելի՛ քաղաքացիներ, քոյրե՛ր, եղբայրնե՛ր, կոչ կ՛ուղղենք` եկէք միասին վերահաստատենք Բաղրամեան պողոտայի այն տեսքը, որ միշտ եղած է` մաքուր, գեղեցիկ», բարձրախօսով յորդորեց  Օսիպեան:

Երկուշաբթի, 6  յուլիսին,  ոստիկանութիւնը ցրուեցին ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացման դէմ բողոքող ցուցարարները Բաղրամեան պողոտային վրայ: Առաւօտեան ոստիկանութիւնը յայտարարութեամբ մը յայտնեց, որ կը «պատրաստուի վերաբանալու Բաղրամեան պողոտան եւ երթեւեկելի հատուածէն  հեռացնելու շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր երթեւեկը խոչընդոտող առարկաները»:

«Հակառակ այն հանգամանքին, որ ոստիկանութիւնը ապօրինի հաւաքի կազմակերպիչներուն եւ  մասնակիցներուն առաջարկած էր ինքնակամ վերացնել Բաղրամեան պողոտայի արգելակումը, այդ յորդորները վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին  ամբողջութեամբ անտեսուեցան: Այսուհանդերձ, ոստիկանութիւնը անգամ մը եւս, եւ վերջին անգամ, կ՛առաջարկէ հաւաքի կազմակերպիչներուն եւ  մասնակիցներուն` (երէկ) մինչեւ ժամը 12:30 ինքնակամ վերացնել Բաղրամեան պողոտայի արգելակումը: Հակառակ պարագային, ժամը 12:30-էն սկսեալ ոստիկանութիւնը ատիկա պիտի իրականացնէ իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու գործադրման միջոցով», յայտարարեց ոստիկանութիւնը` վստահեցնելով, որ նշեալ գործողութիւնները ուղղուած պիտի չըլլան հաւաքի դադրեցման, եթէ ատիկա պիտի շարունակուի Բաղրամեան պողոտայի ոչ երթեւեկելի հատուածին մէջ եւ պիտի  չխոչընդոտէ ատոր բնականոն ընթացքը:

Փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան կէսօրին ցուցարարներուն մօտենալով յայտարարեց, որ ցուցարարներուն 30 վայրկեան ժամանակ կը  տրուի պողոտան բանալու համար: «Յարգելի՛ քաղաքացիներ, քոյրե՛ր, եղբայրնե՛ր, կոչ կ՛ուղղենք` եկէք միասին վերահաստատենք Բաղրամեան պողոտայի այն տեսքը, որ միշտ եղած է` մաքուր, գեղեցիկ», բարձրախօսով յորդորեց  Օսիպեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.