2015-07-07 11:35:00

Հայր Լոմպարտիի զեկոյցը Սրբազան Պապի 6 յուլիսի ձեռնարկներուն շուրջ


(Ռատիօ Վատիկան) Հայր Լոմպարտի զեկոյց մը տուած է Սրբազան Պապի հովուական այցելութեան 6 յուլիսի օրակարգի մասին։

Իր խօսքին մէջ Հայր Լոմպարտի կը յիշէ, որ Սրբազան Պապը հանդիպում ունեցած է Էքուատորի Հանրապետութեան նախագահի եւ անոր ընտանիքին հետ։ Կատարուած է պարզ, սակայն նշանակալից նուէրներու փոխանակում։ Սրբազան Պապը նախագահին նուիրած է Հռոմի Սուրբ Պօղոսի տաճարին մէջ գտնուող Աստուածածնի նկարի մը մոզաիք պատճէնը եւ “Evangelii Gaudium” եւ “Laudato si” իր երկու շրջաբերականներուն օրինակները, ուր Սրբազան Պապը կը խօսի “Սուրբ Աւետարանի քարոզութեան ուրախութեան” եւ “համապարփակ բնատնտեսութեան” մասին։ Նախագահ Քորրէա իր կարգին, Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրած շատ գեղեցիկ պաստառ մը, որ կը ներկայացնէ Քիթոյի “Քոմբանիա” եկեղեցւոյ դարպասը եւ ճակատը։ Սրբազան Պապը իր ճամբորդութեան ընթացքին պիտի այցելէ նաեւ այդ եկեղեցին։

Ապա Հայր Լոմպարտի խօսած է Սրբազան Պապի մայր տաճարին տուած այցելութեան մասին։ Այդ այցելութեան ապրումները եղած են շատ գեղեցիկ եւ զգացումներով հարուստ։ Սրբազան Պապը տաճար մուտք գործելէ առաջ՝ հրապարակի վրայ հանդիպած է հաշմանդամներու եւ հիւանդներու։ Այնտեղ ցայտուն կերպով տեսնուած է ժողովուրդին սէրը եւ խանդաղատանքը Սրբազան Պապին հանդէպ։ Ապա, մայր տաճարին մէջ լռութեամբ աղօթք մատուցուած է Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ։

Սրբազան Պապը տուած է կարճ եւ ինքնաբուխ պատգամ մը, որուն խօսքերէն Հայր Լոմպարտի յառաջ բերած է հետեւեալ հատուածը՝ “Ձեզմէ իւրաքանչիւրին, ձեր ընտանիքներուն եւ Էքուատորի մեծ եւ ազնուական ժողովուրդի բոլոր սիրելիներուն կու տամ իմ օրհնութիւնս. որպէսզի չըլլան ձեր մէջ տարբերութիւններ, ընտրողականութիւն, լքուած անհատներ. որպէսզի բոլորը ըլլան եղբայրներ, առանց մէկուսացնելու ոեւէ անհատ մը, առանց ոեւէ մէկը դուրս ձգելու Էքուատորի այս մեծ ժողովուրդէն։”

Սրբազան Պապը այս խօսքերէն վերջ ժողովուրդին հետ միասին աղօթած է “Ողջոյն քեզ Մարիամ։”

Հայր Լոմպարտի, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այս խօսքերուն մէջ կը տեսնէ շատ կարեւոր պատգամ մը, եւ կը յորդորէ որ բոլորը խորհրդածեն անոնց իմասին վրայ։

Յաջորդաբար, եկող օրերուն Սրբազան Պապի կողմէ պիտի ներկայացուին շատ հետաքրքրական ուղերձներ, որոնք կը հային դաստիարակչական աշխարհին եւ քաղաքային ընկերութեան, ինչպէս նաեւ կոչ Էքուատորի ժողովուրդին՝ միասնութեան հոգիով ընթանալու իր ճանապարհին վրայ եւ կերտելու իր ապագան։








All the contents on this site are copyrighted ©.