2015-07-06 09:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրերը դէպի Էքուատոր տանող ճանապարհորդութեան երկիրներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 5 յուլիսի  առաւօտեան սկիզբ առաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաքելական միջազգային 9-րդ ճամբորդութիւնը, որուն ընթացքին Ան յաջորդաբար պիտի այցելէ Էկուատորը, Պոլիվիան եւ Փարակուէյը։

Իր սովորութեան համաձայն Սրբազան Հայրը օդանաւէն հեռագիրներ ուղղեց այն երկիրներուն որոնց օդային տարածքին վրայ սաւառնեց։

Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին ուղղած հեռագրով Նորին Սրբութիւնը նախագահ Մաթթարելլային հետեւեալ ողջոյնը ուղղեց. Մինչ կը պատրաստուիմ իմ 9րդ միջազգային ճամբորդութիւնս կատարելու Էկուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուէյ­, նեցուկ կենալու տեղական եկեղեցիներուն առաքելութեան ու անոնց  տանելու յոյսի պատգամը, իմ սիրալիր ողջոյնս կ՛ուղղեմ ձեզի մաղթելով Իտալիոյ ժողովուրդին հոգեւոր, քաղաքացիական ու ընկերային բարօրութիւն։ Սպանիոյ Արքային ու Թագուհիին ուղղած հեռագրով Նորին Սրբութիւնը իր ջերմ ողջոյնը ուղարկեց Տիրոջմէն խնդրելով որ իր շնորհքներով լիացնէ Սպանիայի ժողովուրդը ու պահէ զայն համակեցութեան մէջ։ Փորթուկալի Հանրապետութեան ու ժողովուրդին ուղղած հեռագրով Սրբազան Քահանայապետը  հայցեց Աստուածային բարեսիրութիւնը, որպէսզի հաստատ մնան յոյսի մէջ եւ կենսուրախ ու ներդաշնակ կեանք մը ապրին։ Վենեզուելայի նախագահին ու ժողովուրդին Սրբազան Հայրը մաղթեց Աստուածային արատ շնորհքներ, որպէսզի երկիրը բարգաւաճի ու բնակիչները զօրակցութեան ու խաղաղ համերաշխութեան մէջ հաստատ մնան։

Քոլոմպիայի Պետութեան ու ժողովուրդին ապա արտայայտեց իր սէրը մաղթելով անոնց վրայ Աստուածային օրհնութիւնը որպէսզի միշտ զարգացնեն, զիրենք յատկանշող, հոգեւոր ու մարդկային արժէքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.