2015-07-06 10:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ժամանեց Էքուատոր։ Բարի գալուստի արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 5 յուլիսի յետմիջօրէին, Էքուատորի տեղական ժամով 14,45-ին (21,45 իտալիոյ ժամով) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին օդանաւը վայրէջք կատարեց Էքուատորի մայրաքաղաք Քիթոյի ''Մարսիքալ Սուքր'' միջազգային օդակայան որ կը գտնուի մայրաքաղաքէն 18 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապը դիմաւորուեցաւ Էքուատորի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Ռաֆայէլ Քորրէայի կողմէ ` ի ներկայութեան երկրին պետական իշխանութիւններուն եւ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին։

Ապա տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը որուն սկիզբը կատարուեցան երկու երկիրներու քայլերգերը, զինուորական յարգանք ու նախագահին բարի գալուստի խօսքը որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը արտասանեց իր այս 9-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան առաջին ճարը որուն մէջ  հրաւէր ուղղեց անվերապահօրէն դիմելու երկխօսութեան եւ բաժնեկցութեան։

Ճարին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ` Լատին Ամերիկան այցելելու առիթին համար, յատկապէս ''Էքուատորի գեղեցիկ հողին վրայ գտնուելուն համար'' ապա ողջունեց երկրին նախագահն ու իշխանութիւնները ինչպէս նաեւ տեղական եկեղեցւոյ անդամներն ու հաւատացեալները որ զինք ընդունեցին ''իրենց սրտին, ընտանիքներուն եւ երկրին դռները բանալով իր առջեւ''

Սրբազան Քահանայապետը ապա նշեց թէ ''հովուական ծառայութեան'' բերումով զանազան առիթներով անցեալին այցելած է Էքուատորը եւ թէ այսօր եւս հոն կը գտնուի որպէս ''վկայ Աստուծոյ ողորմածութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի հաւատքին''։ ''Այն նոյն հաւատքը որ դարերու հոլովոյթին յատկանշեց այս ժողովուրդին ինքնութիւնը ու տուաւ իր առատ պտուղները'' որոնց շարքին սուրբեր եւ երանելիներ որոնք ողորմութիւնը գործադրելով սատարեցին Էքուատորի հասարակութեան բարգաւաճումին.

''Այսօր  եւս Աւետարանին մէջ կրնանք գտնել այժմէական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու բանալին, հակառակ տարբերութիւններուն, զարգացնելով երկխօսութիւնն ու մասնակցութիւնը առանց բացառութիւններու, որպէսզի յառաջդիմութեան եւ զարգացումի առընչութեամբ  առնուած քայլերը,  բոլորին ապահովեն աւելի լաւ ապագայ մը'' - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ընդգծելով թէ հարկաւոր է  ''յատուկ ուշադրութիւն դարձնել մեր ''դիւրաբեկ'' եղբայրներուն եւ անապահով փոքրամասնութիւններուն'' ու վստահեցնելով այս ուղղութեամբ  ''Եկեղեցւոյ յանձնառումն ու համագործակցութիւնը, ծառայելու համար  Էքուատորի ազգին որ կարողացաւ ոտքի վերականգնիլ արժանապատուութեամբ''։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց թէ Լատին Ամերկաի մէջ անցնելիք շաբաթը կը սկսի ''ակնկալիքներով եւ յոյսով'' ։

Էքուատորը ամենամօտիկ կէտն է արտաքին տարածութեան` Chimborazoն ճանչցուած է որպէս արեւի, լուսինի եւ աստղերուն ամենամօտիկ վայրը ..

Որպէս քրիստոնեաներ մենք Արեւը կը համեմատենք Յիսուս Քրիստոսի հետ եւ Լուսինը եկեղեցւոյ հետ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով թէ ''Լուսինը իր սեփական լոյսը չունի ու երբ Արեւին ետեւ կը թաքնուի կը մնայ խաւարին մէջ։ Արեւը Յիսուս Քրիստոսն է եւ երբ եկեղեցին կը հեռանայ կամ կը պահուըտի անորմէ կը մթագնի եւ վկայութիւն չի կրնար տալ։ Թող այս օրերուն միշտ աւելիով ակնյայտ ըլլայ մեզի ''վերէն ծագող արեւին'' մօտիկութիւնը եւ թէ մենք արտացոլումն ենք անոր լոյսին եւ անոր սիրոյն - հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը, ողջագուրելով համայն Էքուատորը եւ յորդորելով ''երբեք չի կորսնցնել կարողութիւնը շնորհակալութիւն  յայտնելու Աստուծոյ բոլոր բարիքներուն համար որ ձեզի ըրաւ. կարողութիւնը պաշտպանելու փոքրիկն ու պարզունակը, կարողութիւնը խնամելու մանուկներն ու ծերերը` որ ազգին յիշողութիւնն են եւ կարողութիւնը վստահելու երիտասարդներուն ու հիանալու ժողովուրդին  ազնուութեան վրայ ու երկրին գեղեցկութեան համար որ` Նախագահին ըսածին համաձայն, ''դրախտային'' է

Թող Յիսուսի Սուրբ Սիրտը եւ Մարիամի Անարատ սիրտը` որուն Էքուատորը նուիրուած է­, ձեր վրայ զեղուն առատ շնորհքներ եւ օրհնութիւններ - ըսաւ Սրբազան Հայրը ճարը եզրափակելով։

Բարի գալուստի արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապն ու իրեն ընկերացող շքախումբը փոխադրուեցան Քիթոյի առաքելական նուիրակութիւն որ այս օրերուն կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին բնակավայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.