2015-07-06 12:19:00

Հայր Լոմպարտիի զեկոյցը Պապին առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրուան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետի բանբերը Յիսուսեան հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին խօսելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրուան մասին ըսաւ. ''Սրբազան Հօր օդանաւային 13 ժամերու ճամբորդութիւնը խաղաղ ու անդորր անցաւ։ Իր սովորութեան համաձայն երթի ժամանակ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ իրեն ընկերակցող լրագրողներուն հետ, իւրաքանչիւր լրագրողին հետ խօսակցելով, որուն շնորհիւ  հաղորդութիւն մը  ստեղծուեցաւ Պապին ու լրագրողներուն միջեւ։ Անոնք իրենց կարգին կանչուած են օգնելու Քահանայապետը իր առաքելութեան մէջ, ծաւալելով իր պատգամը աշխարհի չորս ծագերուն ու զանազան լեզուներով։

Բնականաբար Քահանայապետը կարողացաւ հանգստանալ, իր խօսքը պատրաստել, աղօթել։

Խօսելով բարի գալուստի արարողութեան մասին Նորին Սրբութիւնը իր առաջին ճառին մէջ ուզեց ընդգծել որ Էքուատորի ժողովուրդը արժանաւորութեամբ ոտքի կանգնած է եւ կ'աշխատի յառաջանալ ու բարգաւաճիլ, բնականաբար այս ջանքը կը պահանջէ յարատեւութիւն դրական արդիւնքի մը հասնելու համար։

Վատիկանի բանբերը ապա խօսեցաւ Էքուատորի ժողովուրդին ջերմ ընդունելութեան մասին։ Ամբոխին ուրախութիւնը եւ խանդաղատանքը զգալի է, ըսաւ Հայր Լոմպարտին աւելցնելով թէ  Քահանայապետը իրենց մէջ կը գտնուի որպէս ընտանիքի Հայր մը, իրենց սրտին շատ մօտ, որ սրտաբուխ ու պարզ բառերով ողջունեց զանոնք։

Հետեւաբար հրաշալի ընդունելութիւն մը վերապահուեցաւ Քիթոյի ճանապարհներու երկայնքին։ Ընդունելութիւն մը ոչ մակերեսային այլ խորիմաստ եւ յուզիչ, հանդիպումը Հօր մը եւ զաւակներու միջեւ։ Ասիկա յայտնի է մարդոց դիմագիծերէն, ուրախ եւ յուզումնալից աչքերէն։

Սրբազան Հայրը սրտանց կ'ապրի հասարակութեան (ամբոխին) փորձառութիւնը, որ լոկ ցոլացումն է անոր հաւատքին, անոր առօրեայ հոգեւորութեան ապրումներուն։

Վստահ որ այս օրերը Սրբազան Հօր համար պիտի հանդիսանան քաջալերանքի պահեր Իրեն ու հասարակութեան համար։

Ան անոնց մէջ կը գտնուի որպէս հովիւ մը եւ ժողովուրդը պատրաստ է անոր ձայնը լսելու։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.