2015-07-04 10:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. Քրիստոնեաներ, միացած արեամբ, չի բաժնուինք կեանքի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 3 յուլիսի երեկոյեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կազմակերպուած էր “Նորոգում Սուրբ Հոգիով” շարժումի աղօթքի, հոգեկանութեան եւ աւետարանումի 38րդ համահաւաքի ձեռնարկը, որուն կը մասնակցէին քրիստոնեայ համայնքներ աշխարհի չորս ծագերէն, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեամբ։ Յաջորդ համահաւաքը տեղի պիտի ունենայ 2017ին։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ¬, հանդիպումը սկսաւ իր սրտաբուխ աղօթքը բարձրացնելով առ  Աստուած որպէսզի մեզի շնորհէ Սուրբ Հոգին, որպէսզի մեզի սորվեցնէ այն ինչ որ Քրիստոս մեզի ուսոյց, եւ մեզի յիշեցնէ Քրիստոսի խօսքերը։ Որովհետեւ Սուրբ Հոգին է, որ մեզի կու տայ շնորհապարգեւները, կ’օժտէ եկեղեցին բազմազանութեամբ, եւ կը ներգործէ միութիւնը։
Սրբազան Պապը շարունակեց իր աղօթքին մէջ՝ “Տէր Յիսուս, դուն մեզի բոլորիս համար խնդրեցիր միութեան շնորհքը այս Եկեղեցւոյ մէջ, որ Քեզի կը պատկանի, եւ ոչ մեզի։ Պատմութիւնը մեզ բաժանեց։ Յիսուս, օգնէ մեզի որ ընթանանք միութեան եւ կամ այս հաշտուած բազմազանութեան ճանապարհին վրայ։ Տէր, Դուն կը կատարես այն ամէն բան, որ կը խոստանաս, շնորհէ միութիւն՝ բոլոր քրիստոնեաներուն։”
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ յիշեցուց, որ բաժանումը վկայութեան հոգիին հակոտնեայ է։ “Միակ անփոխարինելին եկեղեցւոյ մէջ – ըսաւ ան – Սուրբ Հոգին է, Տէրն է՝ Յիսուս։ Քրիստոնեաներու միութիւնը Սուրբ Հոգիին գործն է։ Հետեւաբար պէտք է միասնաբար աղօթենք։ 
Ապրինք Հոգեւոր համամիութենականութիւն, աղօթքի համամիութենականութիւն, որովհետեւ նոյն մկրտութիւնը ստացած ենք - ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը եւ աւելցուց` ''Այսօրուան իրականութիւնը եւ մեր մարտիրոսները մեզ կը միացնեն “արեան համամիութենականութեամբ”, յիշելով միայն սակաւ ամիսներ առաջ 23 սրահար եղած ղպտի քրիստոնեաները։ “Եթէ թշնամին մեզ կը միացնէ մահուան մէջ, մե՞նք ենք, որ զմեզ պիտի բաժանենք կեանքի մէջ” հարց տուաւ Սրբազան Պապը։
Նորոգումի համար պէտք է պատասխանատուութիւն յանձն առել աղքատներու եւ կարիքաւորներու հանդէպ, շեշտեց Քահանայապետը։ Պէտք չէ ղեկավարները վերածուին սիրամարգի, իյնալով ունայնութեան մէջ, եւ կամ իշխանութեամբ յղփացած՝ ընեն այն, ինչ որ կ’ուզեն, եւ կամ սայթաքին գործառնութիւններու մէջ, ուր սատանան դրամապանակի միջոցով մուտք կը գործէ։
Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Ժողովի նախագահ, Ծիրանաւոր Անճելօ Պանիասքօ, շեշտեց “քրիստոնէական եղբայրութեան անհրաժեշտութեան եւ գեղեցկութեան” վրայ։ Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ՝ Ծիրանաւոր Քուրդ Քոխ, եւ Ուղղափառ Ասորիներու Եպիսկոպոս Փոլիքարբ Էուճէնիօ Այտին` միասնաբար աղօթք մատուցին, յիշելով, թէ “բաժանման իւրաքանչիւր տարր կարելի է յաղթահարել եւ գերազանցել։” 
Ասոնց ձայներուն միացան Պենտեկոստէականներու պատուելի՝ Ճովաննի Թրայեթթինօ, նախագահ Իտալիոյ Հաշտութիւն Աւետարանական Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ Ուղղափառ Ղպտի, Անկլիքան, Աւետարանական, Կաթողիկէ Ասորի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Արեւելեան Եկեղեցիներու նախագահ՝ Ծիրանաւոր Սանտրի, կոչ ուղղեց միութեան եւ խաղաղութեան ողջոյնի փոխանակման։  Ըստ ծիրանաւորին՝ “եթէ մարդը կարող է աշխարհ վերածել խաղաղութեան դրախտի մը, ապա նոյն մարդը կարող է զայն վերածելու աւերակոյտի։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.