2015-07-03 09:03:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Վարդապետ Տիեզերական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ


Խօսելով Եկեղեցւոյ մասին, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կը շարունակէ Ս. Գրքի տողերու մեկնաբանումը եւ կ’ուսուցանէ՝ թէ քրիստոնեայ հաւատացեալին “մայրը՝ եկեղեցին է, եւ անոր արգանդը մկրտութեան աւազանն է, ուր սուրբ Հոգիով կը ծնինք։”

Երբեմն քրիստոնեայ հաւատացեալներ կը հեռանան Եկեղեցիէն՝ տեսնելով Եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունեցող բացասական կողմերը, խնդիրները եւ ըլլա´յ հոգեւորականներու եւ կամ հաւատացեալներու սխալները եւ վրիպումները Սուրբ Աւետարանի ուսուցումէն։ Յայտնի է, թէ ոչ բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալները, որոնք կը կազմեն “Եկեղեցին”, սուրբ են։ Սուրբ Գրիգոր իր մեկնութեան մէջ անդրադառնալով այս իրականութեան կը գրէ՝ “Երգ Երգոցը կարեւոր եւ վայելուչ կը համարի նկատել արդարներու գոյութիւնը մեղաւորներու բազմութեան մէջ։ Նախ՝ որպէսզի անարգներու մէջէն պատուականը ընտրուի։ Եւ երկրորդ, գուցէ փուշերը շուշանի վրածուին, տեսնելով անոնց պիտանութիւնը։” Հետեւաբար, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ, որ իր անձին մէջ՝ Աստուծոյ եւ խղճին առաջ, կը նկատէ շնորհքներ, որոնք կրնան նպաստել Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ այլ հաւատացեալներու բարիքին, պէտք է յարատեւէ Եկեղեցւոյ հաւատարմութեան մէջ եւ չհեռանայ անկէ։ Որովհետեւ իւրաքանչիւր հաւատացեալ ունի իւրայատուկ առաքինական կեանքը, ինչպէս կը մեկնէ Ս. Գրիգոր՝ Երգ Երգոցի մէջ յիշուած այգին՝ “հաւատացեալներն են, որոնք կը ծաղկին այլ եւ այլ եւ պէսպէս գոյներով, պտուղներով եւ բոյրով՝ ոմանք մարտիրոսութեամբ, ոմանք զանազան առաքինութիւններով, ոմանք բարեգործութիւններով։”

Երգ Երգոցի մէջ յիշուած “աղուէսը” ըստ Գրիգոր Նարեկացիի՝ “սատանան է, իսկ այգին՝ եկեղեցին, որ հաւատացեալ անհատներէ կազմուած է։ Յիսուսի Առաքեալները եկեղեցին դուրս կորզեցին աղուէսի ժանիքներէն, որ հակառակ է ճշմարտութեան։” Քրիստոս՝ “Թագաւոր երկնքի եւ երկրի, արդարադատ եւ առաւել եւս ողորմած, պատճառ երկրի խաղաղութեան, վերացուց աշխարհէն կռապաշտութիւնը եւ երկնայիններու եւ երկրաւորներու միջեւ եղած խռովութիւնները՝ եւ այսպէսով Քրիստոսի ձեռքով ամբողջ երկրի վրայ Աստուծոյ տաճառը կառուցուեցաւ՝ թագաւորի եւ տաճարի օրինակը ճշմարտութեան վերածելով,” թագաւորը՝ Քրիստոս, իսկ տաճարը՝ Եկեղեցին։ “Ի մարմնի յեկեղեցւոջ, որով բովանդակի մարդն եւ հարսն Քրիստոսի լինի։”

Գրիգոր Նարեկացի կը շարունակէ մեկնել Երգ Երգոցի գրքին մէջ յիշուած փեսային եւ հարսին յարաբերութիւնը։ Հարսը՝ եկեղեցին է, իսկ փեսային բարեկամները՝ հրեշտակները։ Հրեշտակները հիացմունքով իրենց խօսքը կ’ուղղեն եկեղեցւոյ։ Անոնք՝ Եկեղեցւոյ միջոցաւ կը տեսնեն Աստուծոյ նախախնամական սէրը, որ մարդկութեան հանդէպ կը տածէ։ Այդ սէրը կ’արտայատուի աւազանի ծնունդով՝ մկրտութեան խորհուրդով, որուն միջոցաւ կ’ընդունինք որդեգրութեան շնորհքը։ Գրիգոր Նարեկացի Պօղոս Առաքեալի խօսքերով կը հաստատէ իր մեկնութիւնը։ Առաքեալը բազմիցս կը խօսի մկրտութեան խորհուրդի եւ որդեգրութեան մասին։ Եփեսացիներու ուղղած նամակին մէջ Ս. Պօղոս կը գրէ՝ “Աշխարհի հաստատութենէն առաջ Աստուած մեզ ընտրեց Քրիստոսի միջոցաւ, որպէսզի ըլլանք իր առջեւ սուրբ եւ անարատ՝ սիրով։ Նախասահմանեց մեզ իր որդեգրութեան՝ Յիսուս Քրիստոսով։” (Եփես Ա. 5) Իսկ Հռոմայեցիներու ուղղած նամակին մէջ կը գրէ՝ “Միթէ կ’անգիտանա՞նք թէ մենք մկրտուելով Յիսուս Քրիստոսով, անոր մահով մկրտուեցանք։ Մենք թաղուեցանք Քրիստոսի հետ մկրտութեամբ, մահով, որպէս զի ինչպէս որ Ինք յարութիւն առաւ մեռելներէն Հօր փառքով, մենք ալ ապրինք նոր կեանքով։ Որովհետեւ եթէ մահուան նմանութեամբ տնկակից եղանք Քրիստոսի, անոր յարութեան ալ պիտի ըլլանք մասնակից։ Լաւ հասկնանք. հին մարդը խաչուեցաւ Քրիստոսի հետ որպէս զի կործանի մեղքի այս մարմինը եւ ա´լ մեղքին չծառայենք։” (Հռոմ Զ. 3-6)

Սուրբ Գրիգոր որդեգրութեան շնորհքին կ’աւելցնէ արքայութեան արժանացումը։ Աստուած մարդուն կը շնորհէ որդեգրութիւն՝ Քրիստոսի միջոցաւ եւ մարդը արժանի կը դարձնէ արքայութեան՝ Քրիստոսի “խաչի մահուան” միջոցաւ։

Գրիգոր Նարեկացի հրեշտակներուն տալով խօսքը կը գրէ՝ Եկեղեցւոյ միջոցաւ “ճանչցայ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ մարդոց հանդէպ ունեցած սէրը։” Եկեղեցին որ “միականի” է, կը գերազանցէ հրեշտակները տեսողութեամբ։ Որովհետեւ հրեշտակները Եկեղեցւոյ միջոցաւ կը ճանչնան փրկագործութեան անբացատրելի խորհուրդը։

“Զայս բարեկամք փեսային ասեն, որք են հրեշտակք, ցեկեղեցի, որ է հարսն։ Սրտացուցեր, թէ ոգի ետուր մեզ եւ սիրտ՝ տեսանել զոր ոչն գիտէաք. այսինքն զնախախնամական սէրն, զոր եցոյց առ մարդիկ, զծնունդ աւազանին, զորդէգրութիւնն, եւ զարքայութիւնն եւս. զոր մահու խաչին արար։ Որոյ մեռելութեանն հաղորդակից եղեր զմռսաւն, եւ անուշահոտութեան կնդրկին փառակից եւս լինելոց։ Արդ ի ձեռն քո ծանեայ զնա եւ զզօրութիւն նորա եւ զսէր նորա որ առ մարդիկ։”








All the contents on this site are copyrighted ©.