2015-07-03 10:12:00

Գաղթականներու եւ Թափառաշրջիկներու Քահանայապետական Հովուական Խորհուրդի պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Գաղթականներու եւ Թափառաշրջիկներու Քահանայապետական Հովուական Խորհուրդը, 2015ի յուլիս 12ին՝ “Ծովու նուիրուած Կիրակիի” առիթով պատգամ մը հրատարակած է, ստորագրութեամբ խորհուրդի նախագահ ծիրանաւոր Անթոնիօ Մարիա Վելիոյի։

 “Ծովու Կիրակին” յատուկ յիշատակի տօն մըն է, որ եկեղեցին կը կազմակերպէ, յիշելու համար ծովագնացները եւ աղօթելու անոնց, անոնց ընտանիքներուն, եւ այն անհատներուն համար, որոնք կը նուիրուին ծովագնացներու ծառայութեան։ Այս յիշատակումը սկսած է 1975 թուականին, երբ “Ծովու Հովուական գործունէութիւնը” որոշում կայացուցած է հաստատել յիշատակի օր մը՝ գնահատելու համար ծովային աշխատաւորներու՝ երկրագունդի տնտեսութեան տուած նպաստը։

Այս յիշատակումը նաեւ համամիութենական կարեւորութիւն մը ունի, որովհետեւ շատ մը նաւահանգիստներու մէջ տօնախմբութիւնները եւ զանազան ձեռնարկները, որոնք կը կատարուին՝ մարդկութեան ուշադրութիւնը ծովագնացներու մարդկային եւ աշխատանքային վիճակին վրայ հրաւիրելու համար, կ’իրականացուին այլ քրիստոնեայ դաւանանքներու հետ միասին, տալով վկայութիւն միութեան՝ այդ անձերու իրաւունքները պահպանելու դիտաւորութեան եւ համագործակցութեան մէջ։

Քահանայապետական խորհուրդը կը մաղթէ, որ քրիստոնեայ հասարակութիւնը մասնաւորապէս, եւ ընկերութիւնը ընդհանրապէս, ճանչնան ծովային աշխատաւորները իբր մարդկային էակներ, որոնք կը նպաստեն մեր կեանքը դարձնելու աւելի հանգստաւէտ, եւ շնորհակալ ըլլան անոնց աշխատանքին եւ զոհողութիւններուն համար։

Պատգամին մէջ կը յիշուի, թէ ծովային ճարտարարուեստը, որ կը ներփակէ 1.2 միլիոն ծովագնացներ կամ նաւաստիներ՝ մեծ նպաստ մըն է համաշխարհային տնտեսութեան։ Այդ անհատները ծովու կամ ովկիանոսի վրայ ստէպ կը դիմագրաւեն բնութեան հզօր ոյժերը, կառավարելով որեւէ տեսակի եւ չափի նաւեր։

Շատ անգամ կ’անգիտանանք թէ փոխադրական գործունէութեան ետին ինչքան աշխատանք կը կատարուի, երբեմն միայն անդրադառնալով անոնց գոյութեան՝ աղէտներու պարագային։

Երկար ամիսներու կեցութիւնը ծովու վրայ, հեռու ընտանիքներէն, ստէպ անարդար պայմաններու մէջ, ենթակայ ծովահէններու վտանգին, կ’աւելցնեն այդ աշխատաւորներու տագնապը։ Սակայն յոյս կայ, որ 2006ի “Ծովային Աշխատանքի Համաձայնութիւնը”, որուն միշտ աւելի երկիրներ կը մասնակցին, վիճակը բարելաւէ։

Ծովագնացները նաեւ ականատես են պատերազմենրու եւ ծովու վրայով կատարուած գաղթականութեան հոսանքներու, առանց կարենալ մեծ օգնութիւն մը բերելու, որովհետեւ առեւտրական նաւերը գաղթականները ընկալելու յարմարութիւնները չունին։ Հակառակ այս բոլորին, անոնք կատարած են իրենց կարելին, նպաստ մը բերելով այս հրատապ հարցին մէջ։

Պատգամին մէջ, շնորհակալութեան խօսք ուղղուած է հոգեւոր հովիւներուն, որոնք առօրեայ նուիրումով կը ծառայեն ծովագնացներուն։

Վերջապէս, պատգամը կոչ կ’ուղղէ Եւրոպայի երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ համագործակցութեամբ՝ մնայուն եւ վերջնական քաղաքական լուծումներ փնտռելու գաղթականներու ծննդավայրերու կայունութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.