2015-07-02 09:47:00

Իտալիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու եզակի պատկերներ պիտի ցուցադրեն


Իտալական Պոլոնիայի մէջ իրականացուող կրկին յայտնաբերուած եզակի կամ քիչ յայտնի շարժանկարներու «Cinema Ritrovato» 29-րդ փառատօնին Հինգշաբթի 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու պատկերող հազուագիւտ պատկերներ պիտի ցուցադրեն: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը՝ վկայակոչելով France Press գործակալութիւնը։

Պատմական նշանակալի աղբիւր հանդիսացող համր շարժանկարը, որ պատահմամբ յայտնաբերուած է ԱՄՆ Քոնկրէսի գրադարանին մէջ, նկարահանուած է 1923 թուականին: Անիկա պիտի ցուցադրուի հաւաքածուի մը ծիրէն ներս, որուն նպատակն է ընդգծել հայկական շարժանկարի նշանակութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու կոտորածէն 100 տարի անց:

Փառատօնի ընթացքին պիտի ցուցադրուի նաեւ Համօ Բեկնազարեանի «Նամուս» շարժանկարը (1925թ.), որ կը համարուի առաջին հայկական գեղարուեստական շարժանկարը, Սերգեյ Փարաջանովի «Նռան գոյնը» (1969թ.) եւ Հենրիկ Մալեանի «Նահապետը» (1980թ.):

Փաստագրական եզակի պատկերներու շարքին է նաեւ ֆրանսացի զինուորականներու նկարահանումներու հիման վրայ պատրաստուած 5 վայրկեան տեւողութեամբ շարժանկարը` Եգիպտոսի հայ փախստականներու Փորդ Սայիտ ճամբարի մասին:

Սակայն փառատօնի մարգարիտը պիտի ըլլայ 4 վայրկեանանոց «Հայաստան. մարդկութեան բնօրրան» ժապաւէնը, որ նկարահանուած է Թուրքիոյ մէջ կոտորածներու աւարտէն կարճ ժամանակ անց:








All the contents on this site are copyrighted ©.