2015-07-01 10:01:00

Քրիստոսի Միացեալ Եկեղեցին յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը։


ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- Իւրաքանչիւր երկու տարին անգամ մը, Քրիստոսի Միացեալ եկեղեցին (United Church of Christ-UCC) կը գումարէ իր երկամեայ համաժողովը, համախմբելով միութեան անդամ հազարաւոր եկեղեցիներ եւ անդամներ:

Քրիստոսի Միացեալ եկեղեցւոյ կ՛անդամակցին Միացեալ Նահանգներէն աւելի քան 5100 եկեղեցիներ եւ 1.1 միլիոնէ աւելի անդամներ, որոնց շարքին են նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան պատկանող շարք մը եկեղեցիներ:

Քրիստոսի Միացեալ եկեղեցւոյ այս տարուան համաժողովը տեղի ունեցաւ Յունիս 26-30, Օհայօ նահանգի Քլիվլենտ քաղաքին մէջ, ուր ծնունդ առած է Քրիստոսի Միացեալ եկեղեցին:

Դոկտ. Փիթըր Մաքարի՝ գործադիր տնօրէնը Քրիստոսի Միացեալ եկեղեցւոյ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի բաժանմունքին, Յունիս 29ին յայտարարեց, թէ միութեան համաժողովը միաձայնութեամբ որդեգրած է Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւ մը, որ ներկայացուած էր համաժողովին միութեան «Wider Church Ministries»ին կողմէ, ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը:

Համաժողովին ընթացքին վեր. դոկտ. Ճէյմզ Մուս՝ գործադիր տնօրէնը «Wider Church Ministries»ի, կարդաց վեր. Լ. Նշան Պագալեանի (հովիւ՝ Հայ ժողովական Նահատակաց եկեղեցւոյ, Հէյվըրթաուն, Փենսիլվենիա) եւ վեր. Միշել Թորիկեանի (հովիւ Ս. Պօղոս Քրիստոսի Միացեալ եկեղեցւոյ, Սինսինեթի, Օհայօ) յայտարարութիւնները՝ Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ։

Այս առիթով, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ «Wider Church Ministries»ին, 1890ական թուականներէն ի վեր հայ ժողովուրդին հանդէպ իրենց ցուցաբերած շարունակական աջակցութեան, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու զօրավիգ կանգնելուն անոնց կեցուածքներուն համար, որոնց կարգին է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման այս բանաձեւին ներկայացումը եւ անոնց կոչը Միացեալ Նահանգներուն եւ Թուրքիոյ՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.