2015-06-29 17:14:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 28 յունիսի Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 28 Յունիս 2015-ի կէսօրին­, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն ողջունեց հազարաւոր հաւատացեալները, որ կանուխէն արդէն գրաւած էին ս. Պետրոսի հրապարակը, հակառակ կիզիչ արեւին, լսելու անոր հայրական խօսքը եւ ընդունելու անոր առաքելական օրհնութիւնը։

''Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, բարի լոյս'', իր այս աւանդական ողջոյնը ուղղելով ներկաներուն Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց օրուան Աւետարանը որ կը պատմէ 12 տարեկան աղջկայ մը յարութեան դէպքը` դուստրը ժողովարանի Յայտոս պետին, որ Յիսուսի ոտքն իյնալով թախանձագին աղաչեց եւ ըսաւ. ''փոքրիկ աղջիկս մահամերձ է, եկուր ձեռքդ վրան դիր, որպէսզի առողջանայ եւ վերապրի''։ Այս աղօթքին մէջ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կը զգանք ամէն հօր մտահոգութիւնը հանդէպ իր զաւակներուն` կեանքին ու բարիքին ի խնդիր։ Միաժամանակ կը զգանք այդ մարդուն ունեցած մեծ հաւատքը  հանդէպ Յիսուսին։ Ու երբ կը հասնի լուռը թէ իր աղջիկը մեռած է, Յիսուս անոր կ'ըսէ. '' դուն մի վախնար, միայն հաւատա՛''։ Տունը կը մտնէ, Տէրը տունէն դուրս կը հանէ լացողներն ու ճչացողները, աղջկան ձեռքէն կը բռնէ ու կ՛ըսէ. ''Աղջիկ, քեզի կ'ըսեմ ելիր''։ Աղջիկը իսկոյն ոտքի կ՛ելլէ եւ կը սկսի քալել։ Հոս կը տեսնենք Յիսուսի անսահման իշխանութիւնը ֆիզիկական մահուան վրայ, որուն համար նման է երազի մը որմէ կարելի է արթննալ։ Այս դէպքին կից, Մարկոս Աւետարանիչը կը խօսի կնոջ մը մասին որ 12 տարիներէ ի վեր արիւնահոսութենէն բռնուած էր, եւ այդ հիւանդութեան պատճառաւ, որ ըստ ժամանակի մշակոյթին, կը նկատուէր 'անմաքուր', դատապարտուած էր քաղաքացիական մահուան։ Այդ կինը ինքնիրեն կ'ըսէր. ''Եթէ միայն անոր հագուստին դպչիմ, կ՛առողջանամ''։ Եւ այսպէս ալ եղաւ։ Բուժուելու անոր պահանջը մղեց զինք յանդգնելու եւ հաւատքով հրաշքը յափշտակելու Տիրոջմէն։

''Ով որ կը հաւատայ, յարեց Սրբազան Հայրը, Յիսուսին կը դպչի եւ Իրմէ կ'առնէ փրկարար  շնորհքը''։ ''Աղջիկս, քու հաւատքդ քեզ փրկեց'' * ըսաւ Յիսուս կնոջ։

Այս երկու դէպքերը` բուժումն ու յարութիւնը, մատնանշեց Սրբազան Քահանայապետը, ունին մէկ առանցք` հաւատքը։ Պատգամը բացայայտ է, մենք կը հաւատանք որ Յիսուս կարող է մեզ բուժել, մեզ արթնցնել մահէն։ Աւետարանը գրուած է այս հաւատքի լոյսով, Յիսուս յարութիւն առաւ, մահուան յաղթեց, եւ իր յաղթանակով մենք եւս յարութիւն պիտի առնենք։

Այս կիրակի,Աստուծոյ խօսքը կը հրաւիրէ մեզ ապրելու յարութեան  հաւաստիքի մէջ։ Քրիստոսի յարութիւնը կը ներգործէ պատմութեան մէջ որպէս վերանորոգումի ու յոյսի սկզբունք։ Ով որ յուսահատ է ու յոգնած, եթէ վստահի Յիսուսին ու անոր սիրոյն` կարող է վերապրիլ։ Հաւատքը կեանքի զօրութիւն մըն է` լիութիւն կու տայ մեր մարդկութեան եւ ով որ կը հաւատայ Քրիստոսի պէտք է ինքզինք յայտնի ընել որպէսզի ամէնքը կարողանան փորձարկել ազատարար ու փրկարար Աստուծոյ սէրը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ խորհրդածութիւնը եզրափակեց Տիրոջմէն խնդրելով, ամենասուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, անսասան հաւատքի շնորհքը, ''որ մեզ մղէ տարածելու յոյսն ու հաւատքը մեր եղբայրներուն միջեւ''։

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հռոմէացիներն եւ ուխտաւորները հուսկ բոլորին մաղթեց բարի Կիրակի մը խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրենց համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.