2015-06-27 10:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Էքուատորի, Պոլիվիոյ եւ Փարակուայի հաւատացեալներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ի պատրաստութիւն՝ Էքուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուայ կատարելիք հովուական այցելութեան՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ,շաբաթ, 27 յունիսին, պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց վերոնշեալ երկիրներու հաւատացեալներուն։

Պատգամի մէջ նորին Սրբութիւն ըսաւ՝ “Էքուատորի, Պոլիվիայի եւ Փարակուայի սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, սոյն պատգամովս կու գամ յայտնելու ձեզի  իմ մօտիկութիւնս,  եւ ձեզի հանդէպ իմ ունեցած գուրգուրանքս։ Փափաքս է՝ ձեր մօտ գտնուիլ, կիսելու համար ձեր մտահոգութիւնները։

Կ’ուզեմ վկայել ձեզի Աւետարանի ուրախութիւնը եւ փոխանցել Աստուծոյ՝ մեր Հօր քնքշութիւնն ու Սէրը, յատկապէս մանուկներուն, երէցներուն, հիւանդներուն ինչպէս նաեւ աղքատներուն հանդէպ։

Ողորմած Աստուծոյ Սէրը, առիթ կ’ընծայէ վերագտնելու Աստուծոյ զաւկին դիմագիծը իւրաքանչիւր եղբօր եւ քրոջ մէջ։

Իմ այս կատարելիք հովուական այցելութեանս ընթացքին պիտի այցելեմ Ամերիկիոյ ցամաքամասի երեք երկիրներ։

Հաւատքը, որուն բաժնեկից ենք բոլորս, ակնաղբիւրն է զօրակցութեան, եղբայրակցութեան, կը նպաստէ համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ կը քաջալերէ խաղաղութեան իղձն ու յանձնառութիւնը։

Նախքան մեր հանդիպումը, այս օրերուն ընթացքին, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ եւ ձեզմէ կը խնդրեմ՝ որ ամուր գտնուիք ձեր հաւատքին մէջ, կրելով ձեր մէջ սիրոյ հուրը, եւ ամրապնդուիք այն յոյսին մէջ, որ երբեք վհատութեան չի տանիր։

Ֆրանչիսկոս Պապը պատկերասփռուած պատգամը աւարտեց հայցելով Տիրամօր հովանին եւ խնդրելով հաւատացեալներէն, որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.