2015-06-27 13:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան Պատուիրակութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 27 յունիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեցաւ Տիեզերական Պատրիարքութեան Պատուիրակութիւնը եւ անոնց ուղղեց հետեւեալ ուղերձը՝

“Ուրախութեամբ եւ սրտագին բարեկամութեամբ ձեզի բարի գալուստ կը մաղթեմ Հռոմ քաղաք, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս Առաքելապետերու տօնին առթիւ, որոնք այս եկեղեցւոյ հիմնական պահապան սուրբերը կը նկատուին։

Ձեր ներկայութիւնը՝ մեր տօնական օրերուն, անգամ մը եւս վկայութիւնն է խորին յարաբերութեան, որ կը միայցնէ Հռոմի եւ Կ.Պոլսոյ եկեղցիները, եւ որ իր նախատիպը ունի­՝ մեր եկեղեցիներու պաշտպան սուրբերուն՝ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Անդրէաս առաքեալներու, արիւնակից եւ հաւատակից եղբայրներու սերտ յարաբերութեան մէջ, որոնք միացած են առաքելական եւ մարտիրոսական ծառայութեան մէջ։”

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ­՝ նախորդ տարուան  28-30 նոյեմբերին Թուրքիա կատարած հովուական ճամբորդութեան առթիւ՝ Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրաիարքին շնորահած այցելութեան, եւ յայտնեց, թէ մեծ ուրախութեամբ կը յիշէ Պատրիարքին եւ հաւատացեալներու կողմէ կատարուած ընդունելութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած եկեղեցւոյ համամիութենական աղօթքը, ուր անոնք միասնաբար փառաբանած էին զԱստուած եւ  միաբերան խնդրած էին, որ շուտով հասնի այն օրը, ուր Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղցիներու միջեւ միութեան վերահաստատումը ըլլայ ամբողջական եւ տեսանելի։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքի հետ ունեցած հանդիպումին, աւելցուց՝ “Նորին Սրբութեան հետ ողջագուրումը խօսուն նշան մըն էր այդ եղբայրական սիրոյ, որ կը քաջալերէ մեզ­՝ հաշտութեան ճանապարհին վրայ, եւ որ մեզ կարող կը դարձնէ, օր մը, միասնաբար մասնակցելու Պատարագի Սուրբ Խորանին։

Հասնիլ այդ նպատակին, որուն փոխադարձ վստահութեամբ ուղղուեցանք, իմ գլխաւոր մտահոգութիւններէս մին է, որուն համար չեմ դադրիր աղօթելէ Աստուծոյ։ Ասոր համար, կը յուսամ, որ իրարու հանդիպելու առիթները աւելնան։”

Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ հաւատացեալներու փոխադարձ ճանաչումը եւ յարգանքը երբ խորացնենք, պիտի գերազանցենք նախապաշարումը եւ թիւրիմացութիւնները, որոնք կրնան մնալ իբր արդիւնք Եկեղեցիներու երկարատեւ բաժանումին։

“Իմ իղձս է, որ մենք կարողանանք ճշմարտութեամբ եւ եղբայրական հոգիով դիմագրաւել այն դժուարութիւնները, որոնք տակաւին գոյութիւն ունին։

Այսպիսով, կը փափաքիմ նորոգել իմ աջակցութիւնս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ միջեւ Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Միացեալ Յանձնախումբի դիտաւորութեան։ Այն դժուարութիւնները, որոնց կը հանդիպինք  մեր աստուածաբանական երկխօսութեան ընթացքին, պէտք չէ մեզ առաջնորդեն վհատութեան եւ յուսալքումի։

Վերջապէս, Սրբազան Պապը ապահովցուց իր աղօթքները Ուղղփառ Եկեղեցիներու համահաւաք Սիւնհոդոսին առիթով եւ փոխադարձաբար խնդրեց անոնց աղօթքները Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արտակարգ սիւնհոդոսին համար, որուն պիտի մասնակցի նաեւ ներկայացուցիչ մը Տիեզերական Պատրիարքութեան կողմէ։ Ան խնդրեց իր եղբայրական ողջոյնը փոխանցել Նորին Սրբութիւն Բարթողիմէոս Պատրիարքին եւ Սուրբ Սիւհոդոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.