2015-06-27 08:04:00

ՏԱՀԵՇ տարբեր երկիրներու մէջ շարք մը յարձակումներ գործեց


ՏԱՀԵՇ-ի դրօշը բարձրացուցած անձ մը Ֆրանսայի մէջ «Էր Փրոտաքց» քիմիական գործարանին դէմ յարձակում գործեց: Ֆրանսական «Լը Փարիզիեն» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ ան կտրած է յարձակումին ընթացքին սպաննուած մարդու մը գլուխը եւ զայն կախած գործարանի ցանկապատէն: Յայտնի դարձած է նաեւ, որ կտրուած գլխուն վրայ արաբերէնով գրառումներ կատարուած են:

Դէպքը պատահեցաւ Ֆրանսայի հարաւ-արեւելքը` Լիոն քաղաքին մօտակայքը: Կը հաղորդուի, որ կասկածեալներէն մէկը, որ ձերբակալուած է, մերժած է խօսիլ եւ բացայայտել իր անձը:

Յարձակումին հետ կապուած այլ զինեալ մը սպաննուած է ոստիկանութեան յատուկ գործողութեան ընթացքին:

– Քուէյթի մայրաքաղաքի Սաուապեր շրջանին մէջ գտնուող «Իմամ Սատեք» մզկիթին դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը պատճառեց 27 զոհ եւ 227 վիրաւոր: ՏԱՀԵՇ ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, վիրաւորներուն շարքին է քուէյթեան խորհրդարանի անդամ մը: Քուէյթցի երեսփոխան մը, որ դէպքին ականատես դարձած էր, յայտնեց, որ պայթումին ժամանակ 2000 անձեր մզկիթին մէջ կը մասնակցէին ուրբաթ օրուան նամազին:

– Զինեալ ահաբեկիչներ յարձակում գործեցին Թունուզի Սուսա քաղաքին մէջ գտնուող երկու պանդոկներու դէմ, ուր բախում մը տեղի ունեցաւ ապահովական ուժերուն հետ: Ըստ ներքին գործոց նախարարութեան, արձանագրուած է 32 զոհ:

– ՏԱՀԵՇ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով սպառնաց մորթել Երուսաղէմի քրիստոնեաները, եթէ Ֆիթրի տօնէն առաջ չհեռանան քաղաքէն` պնդելով, որ քրիստոնեաները Իսրայէլի մօտ իբրեւ լրտես կ՛աշխատին: Ահաբեկչական խմբաւորումը հաղորդագրութեան մէջ նշեց նաեւ այն թաղամասերը, ուր մուտք պիտի գործէ: Այդ թաղամասերուն շարքին են հին Երուսաղէմը եւ Ս. Յարութեան եկեղեցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.