2015-06-27 08:18:00

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ցաւակցական հեռագիրը Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի վախճանման առիթով


Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի վախճանումին առիթով յայտնած է, որ «Տխուր լուրը խոր ցաւով համակած է մեր բոլորին սրտերը: Յանձինս անոր` հայ ժողովուրդը կորսնցուց պատկառելի հոգեւոր առաջնորդ, հայրենանուէր ազգային գործիչ եւ խոհեմ մտաւորական մը: Երջանկայիշատակ կաթողիկոս պատրիարքը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին անմնացորդ ծառայեց եկեղեցւոյ եւ հարազատ ժողովուրդին  բարօրութեան: Նշանակալից են անոր անձնական ջանքերը սփիւռքի մէջ հայ հոգեւոր եւ ազգային արժեհամակարգի պահպանման գործին մէջ: Տակաւին բոլորովին թարմ են յիշողութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի օրերուն անոր ծաւալած նպատակասլաց գործունէութեան մասին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.