2015-06-27 13:24:00

Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցի շուքին տակ


1896 թուականի Պանք Օթօմանի դէպքը նպատակ ունէր արեւմտեան երկիրներու ուշադրութիւնը հրաւիրել Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած բարբարոսութեան եւ ջարդերուն վրայ։ Ծանօթ են մեզի այդ դրուագի մանրամասնութիւնները։ Եւրոպացի միջնորդները կը յաջողին համաձայնութիւն մը գոյացնել, սակայն Ապտիւլհամիտ Բ.ի գազանաբարոյ ոխակալութիւնը կ’ունենայ բարբարոսական հետեւանք։

Քահանայապետական Նուիրակը՝ Գերապայծառ Պոնեթթի, անդրադառնալով Պանք Օթոմանի յաջորդող դէպքերուն, 1896ի հոկտեմբեր 5ին, հետեւեալ տեղեկատուութիւնը կ’ուղարկէ Վատիկանի Պետքարտուղար Ռամփոլլայի.

“Օրէ օր, միշտ աւելի համոզուած եմ, որ Կոստանդնուպոլսոյ դէպքերը արտակարգ ծանր կը կշռէին, եւ թէ այն ամէն ինչ, որ Եւրոպայի լրագիրներուն մէջ այդ մասին գրուած էր, երբեք չէր չափազանցուած, այլ մանաւանդ լոկ մօտաւորապէս կը համապատասխանէր սոսկալի իրականութեան։ Վիճելի չէ, որ հայկական Կոմիտէն առիթ տուած էր այդ դէպքին … Սակայն թուրքերու կողմէ կատարուած բռնութիւնը բարբարոսական էր։ Ամբողջ չորս օրեր շարունակ հայերը՝ ոչ միայն ոստիկաններու եւ զինուորներու կողմէ հալածուեցան, այլ, ինչ որ աւելի վատ է, անոնք յանձնուած էին վայրենի եւ արիւնարբու ամբոխի զայրոյթին, որ արեան եւ աւարի մոլուցքով, զէնքերով, ատրճանակներով եւ գաւազաններով զինուած՝ փողոցներէն կ’անցնէր եւ կը սպաննէր ամէն հայ, որուն կը հանդիպէր, անոնց տուները մուտք կը գործէր, բնակիչները կը սպաննէր եւ անոնց ստացուածքը կը կողոպտէր։ Ամէն օր, մայրամուտին, փողոցներու մաքրութեան կառքերու երկար շարքեր՝ սպանուածներու դիակներով բեռցուած, կ’ուղղուէին դէպի զոյգ հայկական գերեզմանոցները։ Սակայն դիակներու մեծ մասը պարզապէս Ոսկեղջիւրի մէջ կը նետուէր։ Հետեւաբար, անկարելի է զոհերու թիւը ճշդել, սակայն ականատեսներու զգոյշ գնահատումներու վրայ հիմնուած, աւելի քան 8000 կը հասնի ան։”

Աւստրիոյ զինուորական կցորդը՝ Վլատիմիր Ֆոն Կիզըլ, կը յաջողէր Սուլթանի հրամանի մէկ պատճէնը ձեռք ձգել։ Այդ հրահանգին մէջ կը կարդանք՝

“Տուեալ ազդանշանի վրայ՝ թոյլատրուած է 48 ժամուան համար, ամէն հայ, առանց տարիքի եւ սեռի խտրութեան սպաննել։ Այն անհատը, որ ոչ հայ մը կամ օտար մը վիրաւորէ, 10 տարուան բանտարկութեան կ’ենթարկուի, իսկ այն անհատը, որ այդպիսի անձ մը կը սպանէ՝ կախաղանի մահուան պիտի դատապարտուի։”








All the contents on this site are copyrighted ©.