2015-06-26 13:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 26 յունիսի Քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 26 յունիսին, Վատիկանի Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց ''մօտենալու'' եւ  ''դպչելու'' կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ մատնանշեց բարիք կատարելու եւ եկեղեցական հասարակութիւն կազմելու հարկաւորութիւնը։

''Չենք կրնար խաղաղութիւն կերտել, չենք կրնար բարիք ընել առանց մօտենալու'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, մատնանշելով թէ ՝՝ Յիսուս, հիւանդը բուժելու համար  կրնար միայն ըսել՝ թող բուժուի, սակայն  Ան մօտեցաւ հիւանդին դպաւ անոր  եւ ձեռքերը աղտոտեց'',  ասիկա է Յիսուսին խորհուրդը,  Ինք իր վրայ կը շալկէ  մեր դերութիւններն ու մեր պղծութիւնները հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու նշեց թէ  ''շատ անգամ դժուար է բարիք գործել առանց մեր ձեռքերը կեղտելու, սակայն  Յիսուս մօտենալու համար, ոչ միայն իր ձեռքերը աղտոտեց, այլ աւելի անդին գնաց. ''ընկերային կեանքի  մէկուսացեալը, անտեսուածը  կ՛առնէ  եւ կը ներառնէ ընկերային կեանքին մէջ, եկեղեցւոյ մէջ, ան երբեք՝ չի մեկուսացներ ոչ մէկը, Ան Ինքզինք կը մեկուսացնէ ներառնելու համար անտեսուածները ՝  մեղաւորներս,  որ հեռու կը գտնուինք Յիսուսին կեանքէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին յարեց ՝՝ինչքան  մարդիկ՝ հեռուէն, քէշ սրտով  կը նային, փորձութեան ենթարկելու համար Յիսուսին, Զայն դատապարտելու եւ քննադատելու համար։  Ինչքան մարդիկ, հեռուէն կը նային, որովհետեւ քաջութիւնն չունին մօտենալու,  այնքան ինչքան Յիսուս  մօտեցաւ մեզի։  Յիսուս, նախ Ինքը մօտեցաւ մեզի,  երկարեց իր ձեռքը բոլորիս, ըլլալով մեզմէ  եւ  մեզի նման մեղաւոր՝ սակայն մեղքէ զուրկ, ձեռքերը՝ մեր մեղքերով աղտոտելով։  Ասիկա է Քրիստոնէական մօտեցումը  հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով  իր քարոզը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.