2015-06-26 09:24:00

Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդի այցելութիւնը Յունաստանի Հայոց Առաջնորդին


Երկուշաբթի՝ 22 Յունիս 2015-ի կէսօրին, Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ Հայր Յովսէփ թագադիր Ծ. Վրդ. Պէզէզեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յունաստանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։

Հանդիպումը ծանօթացման բնոյթ ունէր։ Երկու առաջնորդները առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ միասին աղօթեցին հայութեան, բայց մասնաւորաբար սուրիահայութեան համար։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գրասենեակին մէջ մտերմիկ զրոյց մը ունեցան ընդհանրապէս Յունաստանի իրավիճակին, բայց մասնաւորաբար Յունահայութիւնն ու Հայ եկեղեցին յուզող հարցերու մասին։ Անոնք անդրադարձան եկեղեցւոյ դերին եւ առաքելութեան ու յատկապէս երիտասարդութեան եւ մտածումներ փոխանակեցին այդ առնչութեամբ։ Առաջարկուեցաւ նաեւ յառաջացնել երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերու պարբերական հանդիպումներ։

Նկատի ունենալով, որ Առաջնորդ Հայր Սուրբը եկած էր Սուրիայէն, խօսակցութիւն եղաւ նաեւ սուրիահայութեան դիմագրաւած տագնապին եւ հակառակ այդ բոլորին սուրիահայութեան կամքին ու աշխատանքներուն։ Ան նաեւ փոխանցեց Բերիոյ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի ողջոյնները՝ զայն ներկայացնելով որպէս քաջ Առաջնորդ։

Հանդիպումի աւարտին երկու Առաջնորդները յիշատակի լուսանկար մը առին Առաջնորդարանի դահիլճին մէջ։

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.