2015-06-25 13:24:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 25 յունիսի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 26 Յունիս 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Մալթայի Զինուորական Ասպետական կարգի  Իշխանապետ` Եղբայր Մաթիու Ֆեսթինկ ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ 

Ապա ընդունեց Կարդինալ Ժորժ Փելը` տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչը հուսկ` Փերուի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Սալվատոր Փինիերօ Կարսիա Քալտերոնը ու անոր ընկերացող` վերոնշեալ համահաւաք դասի  երկու փոխ նախագահներ գերապայծառ Միկել Քապրէոս Վիտարթէ եւ գերապայծառ Փետրօ Րիքարտօ Պարրէթօ Եիմենօ ու համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղար` գերապայծառ Ֆորթունաթօ  Փապլօ Ուրսէյ։

Ժամը 11.30-ին ''Քահանայապետերու'' սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց “B’nai B’ritish International''ի 20 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը հուսկ 12-ին Քոնչիսթորօ Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Եկեղեցական Քահանայապետական Ակադեմիայի հասարակութեան։

 “B’nai B’ritish International''ի անդամներու ուղղած իր ճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ուրախութեամբ ողջունեց անոնց Վատիկան կատարած այցելութիւնը։ Իմ նախորդներս զանազան առիթներով ընդունեցան  B’nai B’rith International պատուիրակութիւնները եւ այսօր ես գորովով ձեզ կ՛ողջունեմ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու մատնանշեց 

կազմակերպութեան եւ Ս. Աթոռին միջեւ կապին որ սկիզբ առած է Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի Nostra aetate հրեաներու հետ կապի վաւերագիրին առթիւ, եւ որ հանդիսացաւ ''հիմնաքարը փոխադարձ ճանաչումի ու գնահատանքի հրեաներու ու կաթողիկէներու միջեւ, շնորհիւ մեր հասարակաց հոգեւոր մեծ ժառանգութեան''։

''Յետադարձ ակնարկ մը նետելով 50 տարիներու մեր կապի պատմութեան, գոհութիւն կը մատուցանեմ Տիրոջ, կատարուած մեծ յառաջդիմութիւններուն համար։ Մենք կանչուած ենք աղօթելու ու միասնաբար աշխատելու խաղաղութեան համար, դժբախտաբար բազմաթիւ են այն երկիրները որ կը գտնուին զինեալ ընդհարումի մէջ, անոնց շարքին են Ս. Երկիրն ու Միջին Արեւելքը'' ըսաւ Քահանայապետը ու շեշտեց թէ ''Բաւարար չէ բաղձալ խաղաղութիւնը այլ պէտք է հետապնդել ու յամառօրէն ու համբերութեամբ կերտել զայն, բոլորին ու յատկապէս հաւատացեալներու մասնակցութեամբ''։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց ոգեկոչելով ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ Հռոմի Պապի բերած սատարը ի սպաս հրեայ - կաթողիկէ բարեկամութեան ամրապնդումին ու ապա հայցեց որ  ''Ամենակալ ու Յաւիտենական Տէրը լիապէս օրհնէ մեր երկխօսութիւնը, մասնաւորապէս այս տարի, որով կը վերակոչենք Nostra aetate վաւերաթուղթին հրատարակումին 50 ամեակը, որպէսզի մեր բարեկամութիւնը միշտ աճի ու միշտ աւելի պտղաբերի մեր հասարակութիւններու ու մարդկային համայն ընտանիքին բարիքին համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.