2015-06-25 13:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը ի լուր Ներսէս Պետրոս ԺԹ մահուան։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 25 յունիս 2015-ին, ի լուր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի մահուան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին որուն մէջ ներկայացուց իր խոր ցաւակցութիւնները` սիւնհոդոսին եւ Պատրիարքութեան հաւատացեալներուն։

''Վերյիշելով մեր սերտ համագործակցութիւնը, որուն` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը հանդիսացաւ գագաթնակէտը, Ողորմած Աստուծոյ կը վստահիմ այս նուիրեալ Հովիւին հոգին, որ որպէս քահանայ անխոնջ ծառայեց իրեն յանձնուած հասարակութիւններուն, ապա որպէս եպիսկոպոս իր առաքելութիւնը կատարեց հաւատքով եւ նուիրումով, նախ Աղեքսանդրիա, ապա որպէս Տանն Կիլիկիոյ Պատրիարք'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը իր հեռագիրին մէջ որ ապա եզրափակեց. ''Աղօթքով կը միանամ բոլոր անոնց որ կ՛ողբան այս յանկարծակի մահը, եւ մեծ սրտով բոլորին կ՛ուղարկեմ իմ առաքելական օրհնութիւնս, յատուկէն` Տանն Կիլիկիոյ Պատրիարքութեան եպիսկոպոսներուն, հանգուցեալի պարագաներուն եւ բոլոր անոնց որ յուղարկաւորութեան արարութեան պիտի մասնակցին''։

Աղաչեսցուք  զՓրկիչն  մեր
Քրիստոս' զի զնա ընդ արդարսն դասեսցէ








All the contents on this site are copyrighted ©.