2015-06-25 13:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Եկեղեցական Քահանայապետական ակադեմիայի հասարակութեան հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 25 յունիսի, կէսօրին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ անուան դահլիճին մէջ , Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Քահանայապետական Եկեղեցական ակադեմիայի հասարակութեան։

Այս առթիւ, անոնց ուղղած ճառին մէջ նորին Սրբութիւնը շնորհակալութին յայտնեց եկեղեցական կաճարին տածած աշխատանքներուն՝ Եկեղեցւոյ ի սպաս,  ինչպէս նաեւ քաջալերեց զանոնք ուրախութեամբ յարատեւելու  իրենց ուղեւորութեան մէջ։

Նորին Սրբութիւնը  ապա ակնարկեց ''եկեղեցական ակադեմիայի'' առաքելութեան` այն է ''ներկայացնել Սուրբ Աթոռը Ազգերու Հասարակութեան եւ Տեղական եկեղեցիներու մօտ'' ու հաստատեց, թէ Սուրբ Աթոռը Հռոմի Եպիսկոպոսին աթոռն է, այդ Եկեղեցւոյ որ կը գործէ սիրոյ մէջ նման իր Վարդապետին։ Հռոմի եկեղեցւոյ իսկական իշխանութիւնը Քրիստոսի սէրն է։ Եւ այս է միակ ուժը­, որ զայն կը դարձնէ տիեզերական եւ վստահելի այս աշխարհի մարդոց համար'' հաստատեց Սրբազան Հայրը ընդգծելով թէ այդ է անոր ճշմարտութեան սիրտը որ չուզեր պատնէշներ կառուցել, այլ կամուրջ  դառնայ, որ հաղորդութիւն կը կառուցէ եւ մարդկային ցեղը միութեան կը հրաւիրէ։

 Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչի պաշտօնավարութեան մասին յարելով թէ կարելի չէ ներկայացնել անձ մը առանց ցոլացնելու եւ ոգեկոչելու անոր դիմագիծը, ապա ներկաներուն ըսաւ. ''Դուք չէք կանչուած  ըլլալու Պետութեան մը  բարձր պաշտօնեաները, այլ ճշմարտութեան պահապանները'' եւ ասոր համար հարկաւոր է` ''Պահպանել Առաքելական Աթոռի ազատութիւնը, որ Աստուածոյ առջեւ իր առաքելութիւնը չդավաճանելու համար եւ մարդոց իսակական բարիքին համար չի կրնար կաշկանդուիլ հոսանքներու տրամաբանութնէն, կամ ենթարկուիլ քաղաքական իշխանութիւններու կամքին.... Դուք կանչուած էք  որոնելու  բարին ու զայն քաջալերելու յարեց Սրբազան Հայրը նկատել տալով թէ ''սոյն առաքելութիւնը Իրագործելու համար պէտք է մեկդի դնէք  դատաւորի կեցուածքը` եւ հագնիք մանկավարժի հագուստը, անոր  որ կարող է՝ եկեղեցիներէն եւ անոր անդամներէն  դրսեւորել Աստուծոյ ցանած բարիի կարողութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ներկաները յորդորեց  չսպասել պատրաստ ու մշակուած հողին, այլ ունենալ  քաջութիւնը իրենց ձեռքերով զայն հերկել, եւ ցանքի պատրաստել՝  Աստուծոյ համբերութեամբ սպասելով հունձքին՝, որուն արդիւնքները գուցէ՝ պիտի չի կարենան վայելել։

Քահանայապետական ներկայացուցիչի առաքելութիւնը պահանջ ունի իսկական հովիւներուն – ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց փնտռել Աստուծոյ մարդիկ որոնք հայր ըլլան իրենց յանձնուած անհատներուն։

Սիրելի եղբայրներ ըսաւ ապա Սրբազան հայրը, առաքելութիւնը որուն օր մը պիտի կանչուիք, ձեզ պիտի առաջնորդէ  աշխարի զանազան վայրեր, Եւրոպա՝ որ կարիք ունի զարթնելու, Ափրիկէ որ ծարաւն ունի համերաշխութեան, Լատին Ամերիկա որ անօթի է սնունդի եւ հոգեկանութեան պակասէն, Հիւսիսային Ամերիկա որ կ՛աշխատի վերագտնել ինքնութիւն մը  Ասիա Եւ Ոկէանոս, որոնք կը գտնուին սփիւռքի եւ աւանդական մշակոյթներու հետ երկխօսութեան մարտահրարւէրներուն դիմաց։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց  քաջալերելով ներկաները ''որ չի յուսալքուին իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն դիմաց եւ  վստահին Տիրոջ նեցուկին`որ միշտ հաւատարիմ է մեզի։

''Կը խոստանամ որ ձեզի կ՛ընկերանամ աղօթքովս ու ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար'' ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ հայցելով Աստուածամօր հովանին անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.