2015-06-25 15:52:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Տիեզերական եկեղեցւոյ Վարդապետ


Շարունակելով Ս. Գրքի տողերու մեկնաբանումը՝ Նարեկացի կ’ուսուցանէ՝ թէ քրիստոնեայ հաւատացեալին “մայրը՝ եկեղեցին է, եւ անոր արգանդը մկրտութեան աւացանն է, ուր սուրբ Հոգիով կը ծնինք։”

Ոչ բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալները, որոնք կը կազմեն “Եկեղեցին”, սուրբ են։ Սուրբ Գրիգոր իր մեկնութեան մէջ անդրադառնալով այս իրականութեան կը գրէ՝ “Երգ Երգոցը կարեւոր եւ վայելուչ կը համարի նկատել արդարներու գոյութիւնը մեղաւորներու բազմութեան մէջ։ Նախ՝ որպէսզի անարգներու մէջէն  պատուականը ընտրուի։ Եւ երկրորդ, գուցէ փուշերը շուշանի վրածուին, տեսնելով անոնց պիտանութիւնը։”

Սակայն իւրաքանչիւր հաւատացեալ ունի իւրայատուկ առաքինական կեանքը, ինչպէս կը մեկնէ Ս. Գրիգոր՝ Երգ Երգոցի մէջ յիշուած այգին՝ “հաւատացեալներն են, որոնք կը ծաղկին այլ եւ այլ եւ պէսպէս գոյներով, պտուղներով եւ բոյրով՝ ոմանք մարտիրոսութեամբ, ոմանք զանազան առաքինութիւններով, ոմանք բարեգործութիւններով։”

Երգ Երգոցի մէջ յիշուած “աղուէսը” ըստ Գրիգոր Նարեկացիի՝ “սատանան է, իսկ այգին՝ եկեղեցին, որ հաւատացեալ անհատներէ կազմուած է։ Առաքեալները եկեղեցին դուրս կորզեցին աղուէսի ժանիքներէն, որ հակառակ է ճշմարտութեան։” Քրիստոս՝ “Թագաւոր երկնքի եւ երկրի, արդարադատ եւ առաւել եւս ողորմած, պատճառ երկրի խաղաղութեան, վերացուց աշխարհէն կռապաշտութիւնը եւ երկնայիններու եւ երկրաւորներու միջեւ եղած խռովութիւնները՝ եւ այսպէսով Քրիստոսի ձեռքով ամբողջ երկրի վրայ Աստուծոյ տաճառը կառուցուեցաւ՝ թագաւորի եւ տաճարի օրինակը ճշմարտութեան վերածելով,” թագաւորը՝ Քրիստոս, իսկ տաճարը՝ Եկեղեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.