2015-06-25 08:21:00

Սերժ Սարգսեան. «Գըրգ Գըրգորեան կը մարմնաւորէ այն Հայաստանը, որ մեզմէ գողցան»


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ երէկ  ներկայ գտնուեցաւ հայ մեծ բարերար, Հայաստանի ազգային հերոս Գըրգ Գըրգորեանի յիշատակին նուիրուած արարողութիւններուն: Մատենադարանին մէջ Սարգսեան մասնակցեցաւ մեծ բարերարի յիշատակին նուիրուած նիստին, որուն ընթացքին խօսք առնելով, յատկապէս ըսաւ.

«Գըրգ Գըրգորեան սփիւռքի մէջ ոչ իրենց կամքով ապրող հայ ժողովուրդի բազմաթիւ դուստրերու եւ  որդիներու պէս ցոյց կու տայ այն Հայաստանը, որ կրնար ըլլալ: Ան կը մարմնաւորէ այն Հայաստանը, որ մեզմէ գողցան` նպատակ դնելով ի սպառ ջնջել հայու անունը աշխարհի երեսէն»:

Սերժ Սարգսեան աւելցուց. «1988 թուականի քանդիչ երկրաշարժէն ի վեր Գըրգորեան կանգնեցաւ օգնութեան կարիք զգացող Հայաստան երկրի կողքին` աջակցելով իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Ան այնքան համեստ էր, որ երբեք թոյլ չտուաւ իր անունով անուանակոչութիւն ընել Հայաստանի կամ այլ վայրի մը մէջ: Մենք երախտապարտ ենք ամերիկահայ մեր մեծ հայրենակիցին Հայաստանի կեանքին մէջ իր ունեցած լուրջ ներդրումին համար, եւ մենք երբեք ատիկա չենք մոռնար: Գըրգ Գըրգորեանի յիշատակը միշտ վառ կը մնայ մայր Հայաստանի մէջ»:

Մայր տաճարին մէջ Սերժ Սարգսեան ապա ներկայ գտնուեցաւ Գըրգ Գըրգորեանի հոգեհանգստեան արարողութեան, նախագահութեամբ` Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին:








All the contents on this site are copyrighted ©.