2015-06-25 15:46:00

Մամլոյ ասուլիս հայող ընտանիքներու համաշխարհային 8-րդ հանդիպումին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆիլատելֆիայի մէջ կայանալիք ընտանիքներու համաշխարհային 8-րդ հանդիպումի  ի պատրաստութիւն, հինգշաբթի, 25 յունիսին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ, ի մէջ այլոց ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ Գերապայծառ Վինչէնցօ Փալիա որ  յայտնեց, թէ ընտանիքներու համաշախարհային 8-րդ հանդիպումի տօնակատարութիւնը­ թանկարժէք  առիթ մըն է ընտանիքը զետեղելու որպէս եկեղեցւոյ ուշադրութեան եւ քաղաքացիական ընկերութեան կեդրոն։ 

''Ֆիալտելֆիայի ընտանիքի հաւաքին օրերուն, տեղի պիտի ունենան զանազան ձեռնարկներ եւ հանդիպումներ, որուն ընթացքին պիտի ունկնդրենք ընտանիքներու  իսկական պատմութիւնները անոնց հետ բաժնեկցելով անոնց արօրեայ  յօգնութիւններն ու տառապանքերը'' ըսաւ գերապայծառ Փալիա հաստատելով թէ  '' Ընտանիքները սոյն համաշախարհային հանդիպումին գլխաւոր դերակատարներն են '' եւ թէ ''Անոնք՝  եկեղեցւոյ հետ միասին  զօրաւիգ կը կանգնին ընկերութեան''։

Համաժողովի օրերուն, պիտի ներկայացնենք գիտական  հետազօտութիւններու արդիւնքները, որոնք գիտական գետնի վրայ կը բացայայտեն թէ ընտանիքը ընկերութեան իսկական կենսամիջոցն է, նոյնիսկ եթէ շատ անգամ մորցուած են։

Ֆիլատելֆիայի ընտանիքներու  հանդիպումը ունի համաշխարհային բնոյթ որովհետեւ այնպիսի ձեւով կազմակերպուած որ կարելի ըլլայ ''պատմուի ու ներկայացուի համայն աշխարհի մէջ''.

 

Ընտանիքը՝՝ մարդկութեան ժառանգութիւնն է՝ ուր ալ որ գտնուի ան, որեւէ մշակոյթի ալ որ  պատկանի , ան օրհնուած է բոլոր կրօններու մէջ։

Ասոր համար, անհրաժեշտ նկատած ենք ներկայութիւնը այլ Քրիստոնեայ դաւանքներու ներկայացուցիչներուն,  ինչպէս նաեւ աշխարհի գլխաւոր կրօններու ներկայացուցիչներուն յայտնեց ապա ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը ըդնգծելով թէ  ''Ֆիլատելֆիան պիտի հանդիսանայ ընտանիքներու մեծ տօնակատարութիւն մը, որուն ընդմէջէն ցոյց պիտի տանք աշխարհին  ու ցոլացնենք ընտանիքի գեղեցկութիւնը  եւ բացայայտել թէ բովանդակ մարդկութիւնը կարող է  վերածուիլ՝ ժողովուրդներու միջեւ մէկ ընտանիքի մը։  Այս Խաղաղութեան երազ է, Աստուծոյ երազն  է – ըսաւ գերապայծառ Փալիա ու մատնանշեց թէ ''այդ ընդհանրականութիւնը  պիտի վաւերացուի, ընտանիքի համաշխարհային  հանդիպումի աւարտին,  երբ Ֆրանչիսկոս Պապ, 27 սեպտեմբերին, յաւարտ Սուրբ Պատարագի արարողութեան, պիտի յանձնէ Սուրբ Ղուկասի Աւետարանը՝, Աստուծոյ ողորմութեան բարի լուրը՝ որ է  Յիսուս, աշխարհի 5 ցամաքամասերէն մաս կազմող  մեծ քաղաքներու ներկայացուցիչներուն`  Քինշասա, Աւանա, Հանոյ, Սիտնէյ եւ Մարիսլիա, ։

Ելոյթի աւարտին գերապայծառ Փալիա մաղթանք յայտնեց, որ Ֆիլատելֆիայի ընտանիքի համաշխարհային 8-րդ հանդիպումը եւ Հոկտեմբերի 2015-ին  ընտանիքի մասին  եպիսկոպոսական  սիւնհոդոսը միասնաբար կարողանան  կառուցել եկեղեցական եւ ընկերային նոր  եղանակ մր՝ որ  բնորոշուած ըլլայ ընտանիքի վերանորոգուած դերակատարութենէն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.