2015-06-24 10:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց ''Կաթողիկէ-պուտտիսթ'' երկխօսութեան հաւաքի անդամները։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 24 յունիսի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ընդունեց Ֆոքոլարինի շարժումի կողմէ կազմակերպուած` ''Կաթողիկէ-պուտտայական երկխօսութեան''  խորհրդաժողովի վաթսուն անդամները, որոնք ''Castel Gandolfo''-ի կեդրոնին մէջ՝ ''Տառապանք, խաղաղութիւն,եւ եղբայր'' վերտառութեամբ հաւաքին կը մասնակցին։ 

''Երկխօսութիւնը պուտտայականներու ու կաթողիկէներու միջեւ կը ներկայացնէ մեր կեանքի խորհուրդի ու վերջնական ճշմարտութեան հասնելու փնտռտուքի մէկ մասը’’ յայտնած է կարդինալ Թոռան` նախագահը միջ-կրօնական քահանայապետական խորհուրդին, բացումը կատարելով կաթողիկէ- պուտտայական կլոր սեղանին, կազմակերպուած նաեւ ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հովանաւորութեամբ։

Վերոյիշեալ Հանդիպումին կը մասնակցին ԱՄՆի զանազան թեմերէ ժամանած 46 կաթողիկէներ ու պուտտայական կրօնապետեր։

Անոնց հետ հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տուած եղբայրական, երկխօսութեան եւ բարեկամական այցելութեան համար,'' որ սրտիս կը խօսի'', ըսաւ Ան եւ աւելցուց. ''Այս պատմական ժամանակաշրջանին մէջ, բնորոշուած պատերազմի եւ ատելութեան վէրքերով, սոյն փոքրիկ քայլերը խաղաղութեան եւ եղբայրութեան սերմեր են։

Քահանայապետը ապա մէկիկ մէկիկ ողջունեց ներկաները հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.