2015-06-24 10:35:00

Պան Քի Մունի Մտահոգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ


ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի երեքշաբթի, 23 յունիսին, կայացած  նիստի ընթացքին խօսք առած է ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւ պատասխանելով ազրպէյճանական պատուիրակութեան մէկ անդամին Լեռնային Ղարաբաղի մասին հարցումին նշած է, որ ղարաբաղեան տագնապը կրնայ լուծուիլ միայն խաղաղ ճամբով:

«Զիս շատ կը մտահոգեն զինադադարի պարբերական խախտումները: Մենք կը տեսնենք, թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ երկու կողմերն ալ գրեթէ ամէն օր մարդկային կորուստներ կ’ունենան», ըսած է ան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.