2015-06-23 11:22:00

Ֆոքոլարիներու շարժումի կազմակերպած ''Կաթողիկէ- Պուտտիսթ'' երկխօսութեան հաւաքը։


(Ռատիօ Վատիկան)  23- 27 յունիս 2015, Հռոմի արուարձանի մէջ, ուր կը գտնուի  Քահանայապետի ամարանոցը,  Քասթէլ Կանտոլֆոն, տեղի կ՝ունենայ համաժողով`

՝՝Տառապանք, խաղաղութիւն,եւ եղբայր'' վերտառութեամբ, կազմակերպութեամբ Իտալական Ֆոքոլարինի եկեղեցական շարժումի, եւ հովանաւորութեամբ՝ Ամերիկիոյ  եպիսկոպոսաց դասի՝ Համամիութեան եւ միջկրօնային յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Քահանայապետական միջկրօնային խորհուրդին ։

Համաժողովին ելոյթ ունեցաւ  Քահանայապետական միջկրօնային խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Թոռան խօսելով Պուտտիսթ-Քրիստոնեայ երկխօսութեան մասին որպէս ներքին ուխտագնացութիւն մատնանշելով թէ այս հանդիպումը հիմնուած է Ֆրանչիսկոս Պապին՝ 2014-ին խաղաղութեան պատգամին` Եղբայրութիւնը, խաղաղութեան հիմք ու ճանապարհ' '' ինչպէս նաեւ Վեսախի օրուան առթիւ ուղոուած պատգամին ''քրիստոնեաներն ու պուտտիսթները  եղբայրութեան խթան''։

Հինգ օրուայ նիստերու ընթացքին նախատեսուած են զանազան ելոյթներ աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած մասնագէտներու ինչպէս նաեւ աղօթքի եւ ամփոփումի պահեր։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.