2015-06-23 09:47:00

Ուրախ ապրեցէք


«Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, դուք պիտի լաք  եւ պիտի ողբաք, բայց աշխարհը պիտի խնդայ: Դուք պիտի տրտմիք, ձեր տրտմութիւնը, սակայն, պիտի փոխուի մեծ ուրախութեան: Կինը, երբ երկունքի մէջ է, կը տրտմի, որովհետեւ հասած է անոր ժամը: Բայց երբ մանուկը ծնի, այլեւս չի յիշեր տրտմութիւնը ուրախութեան մէջ թէ՝ մարդ մը ծնաւ աշխարհին» (Յովհ 16, 20-21):

Աւետարանի այս հատուածը մեզի կը ցուցնէ կեանքին իրականութենէն պատկեր մը, երբեմն կ'ապրինք ու կը քա-լենք տխրութեան եւ ցաւին մէջ մոռնալով որ մեր շուրջը ուրախութիւնն ալ իր տեղը ունի:

Մենք կը գտնուինք նոյն յուսահա-տութեան եւ ցաւին մէջ որովհետեւ մեր կեանքին յաջողութեան համար պարտա-կան ենք անցնելու դժուար պարագա-ներէն եւ պահերէն: Յիսուս մեզի կու տայ յաղթահարութեան կարեւոր բանալի մը: Երբ պզտիկը կի ծնի, մայրը երբեք չի յիշեր իր անցուցած ցաւերը որովհետեւ կրցաւ ճշգրիտ ուրախութիւնն ունենալ նոր զաւակ մը բեռելով աշխարհ:

Մեր աչքերը աւելի սեւեռենք Խաչ-եալին իմաստին քան թէ չարչարանքին եւ խաչին: Երբ նայուածքը կ'ուղղուի նոր ծնեալին այսինքն մանուկին հրաշքին, կը մոռնանք չարչարանքը ծննդաբեռութեան: Իսկական իմաստութիւնն է աշխարհիս որովհետեւ մարդս պէտք ունի երբեմն աւելի մեծ եւ իր կարողութենէն աւելի օգնութեան մը որ հասկնայ Աստուծոյ շնորհքը եւ ուրախութիւնը:

Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը քրիս-տոնէութեան կեանքին մէջ մեծ ուրա-խութիւն բեռաւ իւրաքանչիւրիս որովհե-տեւ ոչ ոք կրնայ զայն վերցնել մեր կեանքէն:

Առաքեալները ապրեցան այս ուրախութիւնը Քրիստոսի յարութենէն եւ համբարձումէն ետք, երբ Յիսուս երեւցաւ զանազան մարդոց զանազան ձեւերով, իւրաքանչիւրին իր անձին եւ բարիքին համաձայն: Ատոր համար բոլոր հան-դիպումները որոնք մեզի կը ներկայանան Աւետարանին մէջ մեր սրտին ուրա-խութիւն կը պատճառեն եւ մեր սրտերը կը տաքցնեն ուրախութեամբ եւ հաւատ-քով: Ասոր համար առաքեալները ուրա-խութեամբ քաղեցին Քրիստոսի առաքե-լութեան արդիւնքները երբ զգացին Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը իրենց նոր առա-քելութեան ընթացքին:

Արդե՞օք կրնամ հաստատել թէ այս դժուարին կացութեան որուն մէջ կ'ապ-րիմ եւ կ'ապրի այսօրուայ մարդկութիւնը եւ աշխարհը կրնամ ուրախութեանս շնորհքը ցոլացնեմ ուրիշներուն վրայ:

Եկուր մեր քով, ո՜վ Սուրբ հոգի, երկնքէն ղրկէ քու լոյսիդ ճառագայթը: Եկուր, ո՜վ աղքատներու հայր, դուն որ տուրքերդ եւ բարիքներդ կը բաժնես ամէնուն, անուշցուր մեր սրտերը եւ հոգիները, եկուր եւ մխիթարէ ցաւ սըր-տերը: Լուայ խստաբարոյ սրտերը, մաքրէ անջրդի մարդիկը եւ առողջացուր վիրա-ւորուածները, տաքցուր այս հոգիները որոնք հեռացան քեզմէ որպէսզի ամէնքն ալ հաւատքով լեցուած՝ գան ու ապրին քու ուրախութեանդ շնորհքները որ տուիր եւ կու տաս բոլորիս ամէն օր, եւ ամէն տեղ: Ամէն:

 

Հայր Գէորգ ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.