2015-06-23 11:31:00

Կիլիկիոյ տարածքին Եկեղեցի մը եւ բերդ մը կը վերակառուցուին


Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Ատանայի Ֆեքէ շրջանին մէջ գտնուող Սեւ եկեղեցւոյ եւ բերդի վերակառուցման աշխատանքները աւարտական հանգրուանին մէջ կը գտնուին:

Կը նախատեսուի, որ վերակառուցման աշխատանքները աւարտին մինչեւ տարեվերջ:

Շրջանի թաղապետ Հասան Կեզեր կը նշէ, որ արդէն երկու տարի շարունակուող շինարարութեան աւարտէն ետք եկեղեցին ու բերդը զբօսաշրջութեան համար կարեւոր վայրեր պիտի դառնան` օգուտ բերելով թաղամասին:

«Վերջին շրջանին Թուրքիոյ տարբեր անկիւններէն եւ դուրսէն բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կու գան եկեղեցին եւ բերդը տեսնելու: Եթէ զանոնք այստեղ հիւրընկալելու համար տեղեր ստեղծուին, աւելի շատ զբօսաշրջիկներ պիտի գան», կ՛ըսէ ան:

Ֆեքէ բերդի վերակառուցման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած հնագէտ Ատեմ Եըլտըզ կը նշէ, որ բերդը կառուցուած է հազարական թուականներուն եւ կը գտնուի Կիլիկիոյ տարածքին մէջ:

«Կառոյցը երկյարկանի է: Այստեղ մեծագոյն դժուարութիւններէն մէկը այն է, որ այցելուները մնալու տեղ չունին: Բերդի կողքին նոյն վայրի 14 այլ եկեղեցիներուն հետ կապ ունեցած Սեւ եկեղեցւոյ վերակառուցումը ընթացքի մէջ է: Պիտի վերակառուցուին նաեւ այլ բերդեր», ըսած է ան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.