2015-06-22 10:02:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կապը բողոքական աշխարհին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Թորինօ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  հանդիպում ունեցաւ Վալտեզ եկեղեցւոյ հաւատացելներուն հետ, հանդիսանալով առաջին Քահանայապետը որ կ՛այցելէ Վալտեզ եկեղեցի մը։  Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը բազմաթիւ ունկնդրութիւններ ու հանդիպումներ ունեցած է բողոքական զանազան հոսանքի ներկայացուցիչներուն հետ։  Ան շնորհիւ մեծ մօր ազդեցութեան լաւ համարում ունի բողոքականներուն նկատմամբ։ Մեծ մայրս, ըսած է Քահանայապետը,  չորս տարեկանիս ինծի ճամբան բացաւ համամիութեան։ Ի շարս բազմաթիւ հանդիպումներուն  բողոքական ներկայացուցիչներու հետ յիշատակի արժանի է անցեալ մայիս 2015 -ին հանդիպումը Շուետի լուտերանեան գահերէց Antje Jackelen-ի հետ, հանդիպումը  վերապատուելի  Tony Palmerին հետ որ է պապին անձնական բարեկամը, որ արկածի մը հետեւանքով վախճանեցաւ։ Լուտերականներու համաշխարհային դաշնակցութեան երբեմնի նախագահը Christian Krause,  բաղձանք յայտնած է Հռոմի Պապին հետ միասին տօնախմբել Վերանորոգումի 5-րդ դարադարձը (1517)։ Նշանակալից է նաեւ յիշել   Ս. Գիրքի թարգմանութեան  կաթողիկէ եւ բողոքական պատասխանատուներու շնորհած Ֆրանչիսկոս Պապին ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին Ան ըսած էր անոնց ‘’լաւ գաղափար մըն է, Սուրբ Գիրքը թարգմանել ընթացիկ լեզուներով, այսպէսով պարզ մարդիկը պիտի կարողանան հասկնալ Աստուծոյ խօսքը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.