2015-06-22 12:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը իտալացի ազգականներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Թորինօ կատարած երկու օրուայ հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապը, երկուշաբթի 22 յունիս 2015-ին, Վալտեզ եկեղեցւոյյ տուած այցելութեան աւարտին, վերադարձաւ Թորինոյի առաջնորդարան ուր առանձնական ու մտերմական հանդիպում ունեցաւ իր իտալացի ազգականներուն հետ։ Անոնց համար պատարագ մատոյց ու կէսօրին` անոնց հետ բաժնեկցեցաւ սիրոյ սեղանը։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ այցելած է Թորինոն ուր կը գտնուին իրենց պարագաները եւ այսօրուայ հանդիպումին ներկայ էին 6 զարմիկներ իրենց ընտանիքներով` ընդամէնը 30 հոգի։

Յայտնենք նաեւ թէ Պերկոլիոյ ընտանիքը ծագումով իտալացի է` Ասդի շրջանէն։ Քահանայապետին Հայրը` Մարիոն ծնած է Ասդիի մէջ 1908 թուականին ու ապա 1929-ին կը փոխադրուի Արժանթին ուր եղբօր հետ միասին կ՛աշխատին իրենց սեփական գործարանին մէջ։ Մարիօ Պերկոլիոյ ապա կ՛աշխատի Արժանթինի շոգեկառքի ընկերութեան մօտ։ Արժանթինի մէջ ան կը ծանօթանայ Իտալացի Ռեճինա Մարիա Սիվորիին ու անոր հետ կ՛ամուսնանայ եւ 17 դեկտեմբեր 1936-ին կը ծնի Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն` Ֆրանչիսկոս Պապը։


Նշենք նաեւ թէ երէկ` 21 յունիսին նախ քան երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումը, Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Սրբուհի Թերեզայի եկեղեցին ուր իրեն Մեծ Հայրն ու Մայրը ամուսնացած էին։ Հակիրճ այցելութեան առթիւ Ան ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ ու ապա ոսկեմատեանին մէջ գրութիւն մը արձանագրեց հայող ընտանիքի արժէքին ու ընտանիքի մասին գումարուելիք յառաջիկայ սիւնհոդոսին։

Իր ազգականներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք` ժամը 16.30-ին, Նախքան Հռոմ վերադառնալը Սրբազան Հայրը հակիրճ հանդիպում կ՛ունենայ '' վարշամակի կոմիտէի'' անդամներուն եւ իր այս հովուական այցելութիւնը կազմակերպող յանձնախումբի անդամներուն հետ հուսկ ժամը 17-ին հրաժեշտ կ՛առնէ առաջնորդարանէն եւ կ՛ուղղուի Թորինոյի օդակայան։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին սաւառնակի Հռոմ վայրէջքը  նախատեսուած է երեկոյեան ժամը 18.30-ին,  Չամբինոյի օդակայան։








All the contents on this site are copyrighted ©.