2015-06-22 13:16:00

ՏԱՀԵՇ ականապատած է Փալմիրը


«Քորեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ՍՈՀՐ իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ղեկավար Ռամի Ապտուլ Ռահման յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ականապատած են Փալմիր հնագիտական քաղաքը, որուն աւերակները ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ պահպանուող տարածքներու ցանկին վրայ:

«Անոնք (զինեալները) ականապատումը կատարած են մէկ օր առաջ: Անոնք պայթուցիկ նիւթեր տեղադրած են նաեւ Հռոմէական թատրոնին մէջ: Մենք տակաւին չենք գիտեր այդ ամէնուն պատճառը», ըսած է Ապտուլ Ռահման:

Իսլամական զինեալներ Փալմիրը գրաւած էին 20 մայիսին` յառաջացնելով միջազգային ընտանիքի մտահոգութիւնը` կապուած այս հնադարեան քաղաքին մէջ մշակութային ժառանգութեան յուշարձաններու պահպանութեան հետ:

Սուրիական բանակը քաղաքէն հեռացուցած էր քաղաքի բնակչութեան մեծ մասը` շուրջ 11 հազար զինուորներ եւ քաղաքական բանտարկեալներ:

Քաղաքի գրաւումէն ետք ոչնչացման վտանգի տակ յայտնուած են Փալմիրի աւերակներն ու տաճարները:








All the contents on this site are copyrighted ©.