2015-06-22 13:38:00

Վենետիկի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բեմադրութիւն պիտի ներկայացուի


Յունիս 24-ին Վենետիկի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Արեւելեան կողմը աշխարհի խաղաղութիւն թող ըլլայ» անուանումով բեմադրութիւն կը ներկայացուի: Անուանումը ընտրած են Դանիէլ Վարուժանի «Անդաստան» բանաստեղծութեան առաջին տողերու հիման վրայ:

NEWS.am-ի տեղեկացմամբ` բեմադրութիւնը նախաձեռնած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւնը, որուն աջակցած են բարերարներ Ջոզէֆ եւ Ջէննի Ուկուրլեանները: Մուտքը ազատ պիտի ըլլայ:

Ըստ Վենետիկի թատերական նորութիւններու Cultura Spettacolo Venezia կայքի, բեմադրութեան բեմադրիչը Մարկօ Պելլուսին է, իսկ մասնակիցներէն մէկը` Օթաւիա Փիկոլոն, որ 1970 թուականին Քաննի կինոփառատօնին մրցանակ  ստացած է լաւագոյն կանացի դերի համար:

Հեղինակները իրենց պատկերացումը կը ներկայացնեն 1915 թուականին սկսած Ցեղասպանութեան մասին: Պիտի ներկայացուին ականատեսներու յիշողութիւնները, հատուածներ հայ, թուրք եւ գերմանացի հեղինակներէ, ինչպէս նաեւ հայկական եւ թրքական ժողովրդական երգեր: Աղբիւրին համաձայն, բեմադրութեան սիւժէն ոչ միայն յիշողութեան ներկայացում է, այլեւ երկխօսութեան մթնոլորտ ստեղծելու փորձ:

Բեմադրութեան պիտի մասնակցին տուտուկահար Արամ Իփեկջեանը, ինչպէս նաեւ`Gaspard Edesse վոկալ համոյթը` Եուստին Ռապաչոլիի ղեկավարութեամբ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.