2015-06-22 09:56:00

Վալտեզներու աւետարանական եկեղեցին


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 22 յունիսի 2015-ին Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիսացաւ առաջին Քահանայապետը որ այցելեց Վալտեզներու Եկեղեցի մը։ Վալտեզներու աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադիրը եղած է` Pietro Valdo, Լիոն քաղաքէն վաճառական մը, ապրած 12-րդ դարուն։ Իր հարստութենէն հրաժարելով ան կը սկսի Աւետարանը քարոզել աղքատներուն։ Թեմին առաջնորդը գերապայծառ Կիշառ կ՛արգիլէ անոր քարոզութիւն կատարել եւ Ս. Գիրքը մեկնաբանել։ Վալտօ կը մերժէ եպիսկոպոսին հրամանը ասոր համար իր հետեւորդներուն հետ միասին կ՛արտաքսուի Լիոնի թեմէն։ 

1532-ին վալտեզները կը յարին բողոքական վերանորոգումին, որ ծնունդ առած էր Լուտերէն ու յատկապէս Գալվինէն։ Խիստ հալածանքէն ետք, վալտեզները` 16-րդ դարուն, Իտալիոյ Փիեմոնդէ մարզը կը քաշուին։ Անոնq քաղաքացիական իրաւունքը կ՛ընդունին 17 Փետրուար 1848-ին Carlo Alberto արքայի կամքով (որ նոյն տարին քաղաքացիական իրաւունք շնորհած էր նաեւ հրեաներուն)։ Վալտեզները  այսպէսով  կը տարածուին Իտալիոյ մէջ։ Մինչեւ օրս անոնք ամէն 17 Փետրուարին կը տօնախմբեն պաշտօնական իրենց ճանաչումին յիշատակութիւնը։ 

Անոնք ներկայիս Իտալիոյ մէջ կը հաշուեն շուրջ 30 հազար հաւատացեալ։ Վալտեզները, գլխաւորաբար իտալացիներ են, ներկայ են Լատին ամերիկա եւ մասնաւորապէս Արժենթինի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.