2015-06-22 11:58:00

Եկեղեցական գիտելիքներ


Կիրակի 21 Յունիսին Պենտեկոստէէն ետք Դ. կիրակիի աւետարանին մէջ կը կարդանք. ՜՜երբ Դպիրներէն ու Փարեսեցիներէն ոմանք կը հարցնեն Յիսուսին  որ նշան  մը ցոյց տայ իրենց, Յիսուս կը պատասխանէ անոնց ըսելով. ՜՜ Չար եւ շնացող սերունդ, որ նշան կ՝ուզէ եւ իբր նշան՝ ուրիշ բան պիտի չտրուի անոր եթէ ոչ  Յովնան մարգարէի նշանը։ Որովհետեւ ինչպէս Յովնան ծովու հրէշի փորը մնաց երեք օր եւ երեք գիշեր, այնպէս ալ Մարդու Որդին երկրի ծոցին  մէջ պիտի մնայ երեք օր եւ երեք գիշեր...

Երկուշաբթի  22 Յունիսին տօնն է Ս. Ներսէս Մեծ hայրապետին, նաեւ յիշատակութեան օրը՝  Խադ եպիսկոպոսին։

Ս. Ներսէս Հայրապետը (353-373թթ.) հայ բազմաշնորհ կաթողիկոսներէն է, որուն տրուած է  Մեծն անունը: Ըստ պատմական աղբիւրներու ան  Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տոհմէն է, Յուսիկ հայրապետի թոռը: Արշակ Բ. կը փափաքէր զինք  կաթողիկոսի պաշտօնի վրայ տեսնել  քանի որ ան հաւատարիմ ու վստահելի անձնաւորութիւն էր։ 353 թուին եպիսկոպոս կ՝օծուի։

Ներսէս կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ 354 թուին Աշտիշատի մէջ կը գումարուի Հայոց առաջին ազգային-եկեղեցական ժողովը։ Առաջին անգամ կ՝ընդունուին որոշումներ, որոնք կը կանոնակարգեն հոգևոր-եկեղեցական կեանքը, կը սահմանեն ընտանիքի բարոյական սկզբունքները: Ներսէս Մեծ հայրապետի նախաձեռնութեամբ կը հիմնուին վանքեր ու դպրոցներ, բոլոր անտուններու ու աղքատներու համար կը կառուցուին  ապաստաններ ու հիւանդանոցներ: Կը բացուին նաեւ դպրոցներ վանքերու կից։ Ներսէս Հայրապետ իր ժողովուրդի կողքին  եղած է  միշտ և ամենուրէք։ 371 թուին Ձիրավի ճակատամարտին Ներսէս Մեծը Պապ թագաւորի և հայոց զօրքի հետ էր, զանոնք կը քաջալերէր ու կ՝ոգեշնչէր։ Իր հայրենանուէր, բեղմնաւոր գործունէութեան համար ու նաեւ եկեղեցւոյ  պատմութեան մէջ ունեցած անգնահատելի դերին համար ան արժանացած  է Մեծ կոչման։ Զինք անուանած են նաեւ «Հայոց հայր» և «Սրտերու լուսաւորիչ»։

Ներսէս կաթողիկոսը մահացած է  373թ. և թաղուած ՝ Թիլ աւանին մէջ։
Խադ եպիսկոպոսը , Կարին գաւառի Մարագա գիւղէն, եղած է Ներսէս Մեծ հայրապետի հաւատարիմ գործակիցը։  Ան աւագ սարկաւագ էր։ Երբ Ներսէս Մեծը հարկադրուած էր հեռանալ Հայաստանէն, Խադ եպիսկոպոս ձեռնադրուած է և կաթողիկոսական տեղապահ նշանակուած։ Սուրբ Խադ եղած է  շատ աղքատասէր և ողորմած, գործած՝ բազմաթիւ հրաշքներ ու բժշկած հիւանդներ։ Խորենացին զինք բնութագրելով ըսած է. ՜՜ նա ամեն ինչով նման եղավ Ներսես Մեծին՝՝։

Երեքշաբթի օրը՝  տօնն է Դանիէլ Մարգարէին եւ երեք երիտասարդներուն որոնք հնոցին մէջէն ողջ առողջ ելան եւ կ՛աղօթէին հրեշտակին հետ։ Երեք երիտասարդ հրեաներուն անուններն են Սեդրակ, Միսաք եւ Յաբեթ. Այս անունները ընդհանրապէս միշտ գործածական եղած են Հայերու մօտ, իսկ անոնց պատմութիւնը կը նորոգուի ամէն ճրագալոյցին, Զատկուայ թէ Ծննդեան։ Մերժելով երկրպագել Ասորեստանի Նաբուգոդոնոդոր թագաւորի արձանին, անոնք դատապարտուեցան բորբոքեալ հնոցի մէջ նետուելու. Սակայն բոցերը հեռացան իրենց քովէն եւ անոնք անվնաս կերպով շրջագայեցան կրակի հնոցին մէջ։ Ասոր վրայ թագաւորը զիրենք ազատ արձակեց եւ խոստացաւ յարգել Հրեաներու Աստուածը։

Հինգշաբթի օրը, տօնն է թարգմանչաց Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Կաթողիկոսի եւ բոլոր 75 թարգմանիչներուն. Կարեւոր տօնակատարութիւն մըն է հայ ծէսին համար։

Թարգմանիչները հանդիսացան երկրորդ լուսաւորիչները հայ ազգին. Անոնք է որ տարածեցին, հայերէն լեզուին հետ, քրիստոնէական հաւատքը երկրի ամէնէն հեռաւոր գաւառներուն մէջ իսկ։ Թարգմանիչները երկրորդ տօնակատարութիւն մըն ալ ունին հոկտեմբեր ամսոյն մէջ, ասոր համար հոկտեմբերը նուիրուած է հայ ծիսական աւանդութեամբ մեր թարգմանիչ սուրբ հայրերուն։

Իսկ շաբաթ դարձեալ կը վերադառնանք հին կտակարանին, յիշատակելու համար Զաքարիա մարգարէն, որ վերջինն էր մարգարէական դասուն։ Յիսուս կը վկայէ անոր մասին թէ ինչպէս իր իսկ ժողովուրդը զինք սպաննեց տաճարին մէջ իսկ, զոհ մատուցած պահուն։ Իր հետ կը տօնուի նաեւ Ոնոփրիոս սուրբ ճգնաւորը, որ Եգիպտոսի անապատին նշանաւոր միայնակեացներէն մին էր եւ որ ապրեցաւ իր բոլոր կեանքը (60 տարի)  խրճիթի մը մէջ, արմաւենիի մը շուքին տակ։

Դառնալով մեր  թարգմանիչներուն եւ անոնց գլխաւորին՝ Մեսրոպ Մաշտոցին, հարկ է նշել որ ան հանդիսացաւ, իր գիտութեամբ եւ սրբութեամբ  մեր մեծագոյն սուրբերէն մին, որ յետ գրերու փնտռտուքին« երկնային տեսիլով մը ստացաւ մեր սրբատառ հայկական գիրերը, որոնցմով այսօր մենք կը պարծենանք բոլոր աշխարհի դիմաց, որովհետեւ կրցանք ունենալ մեր գրականութիւնը որ գոհար մըն է հնադարեան գրականութիւններու միջեւ։ Մեսրոպ եպիսկոպոս օծուեցաւ եւ դարձաւ աջ բազուկը Սահակ կաթողիկոսին։ Ան մահացաւ 430 թուին եւ թաղուեցաւ Օշական գիւղը, ուր մինչեւ օրս կայ իր գերեզմանը որ ուխտատեղի մըն է հայ ժողովուրդին։

Կիրակի 28 Յունիսը Ե. կիրակին է Զկնի Պենտեկոստէի։








All the contents on this site are copyrighted ©.