2015-06-21 16:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը Քոթթոլէնկոյի հիւանդներուն ու անկարներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 21 յունիսի, յետմիջօրէին, Թորինօ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը  այցելութիւն շնորհեց Քոթթոլէնկոյի ՝՝Աստուծոյ նախախնամութեան փոքրիկ տուն՝՝ անուան կառոյցի մէջ խնամուող հիւանդներուն ու անկարներուն։

Այս առթիւ անոնց ուղղած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկելով ՝ երկու դար առաջ,   Սուրբ Պենտեիտիկտոս Քոթթոլէնկոյի հիմնած նախախնամութեամբ կեդրոնին,  յայտնեց, թէ  Սուրբ Պենտեիտիկտոս այդ կեդրոնին մէջ հիւրընկալած է աղքատները,  հիւանդներն ու լքուածները որոնք մերժուած էին  հիւանդանոցներէն։  

Աղքատներու անտեսումը  ու բուժուելու կարիք ունեցող հիւանդներուն մերժողումը, երեւոյթ մըն է , որ դժբախտաբար կը յայտնաբերուի ժամանակից աշխարհին մէջ եւս – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով նաեւ թէ'' Բժշկական  եւ ընկերային զօրակցութեան  ծիրէն  ներս հսկայական յառաջդիմութիւն արձանագրուած է , բայց ՝  համատարածուած է մեկուսացումի մշակոյթը, որպէս հետեւանք մարդաբանական տագնապի,  որ չի նկատեր մարդը որպէս կեդրոն, այլ՝  ունի որպէս կեդրոն  սպառողական ու տնտեսական շահերը ։ 

Սոյն մնացորդացի մշակոյթի զոհերն են յատկապէս երէցները, որոնցմէ շատերը հիւրընկալուած են այս տան մէջ։

Սուրբ Քոթթոլէնկոն, խուլ չի մնաց Յիսուսի կոչին, որ խնդրեց կերակրել անօթիները եւ յագեցնել ծարաւիները, ։ Ան՝ մղուած Քրիստոսի Սէրէն սկիզբ տուաւ եղբայրասիրական գործունէութեան, որուն մէջ յայտնաբերուեցաւ Աստուծոյ խօսքին արդիւնաբերութիւնը։

Սիրելի հիւանդներ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ,՝՝դուք՝ եկեղեցւոյ թանկագին անդամներն էք, դուք՝ Խաչեցեալ Քրիստոսի մարմինն էք, որուն պատիւը ունինք, սիրով դպչելու ու ծառայելու։Յիսուսի շնորհքով դուք կարող էք վկաներն ու առաքեալներն հանդիսանալ ՝ Աստուծոյ ողորմութեան,  որ կը փրկէ աշխարհը։   ''Փոքրիկ տան գոյութեան պատճառը զօրակցութիւնը  չէ'' հաստատեց Նորին Սրբութիւնը, այլ՝Քրիստոսի Սիրոյ Աւետարանի ուժն է որ ծնունդ տուաւ սոյն հիմնարկութեան եւ յառաջացուց զայն ։ Ասոր համար է, որ այսպիսի ձեռնարկ մը կարելէ չէ յառաջ տանիլ առանց աղօթքի, որ  Փոքրիկ տան առաջնահերթ եւ կարեւորագոյն գործունէութիւնն է։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը ճառին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց մայրապետներուն, կրօնաւոր եղբայրներուն ու քահանաներուն որոնք կը գործեն  Թորինոյի եւ   աշխարհասփիւռ  նման եղբայրասիրական  վայրերու մէջ աղա հայցելով Տիրամօր հովանին ներկաներուն շնորհեց  իր առաքելական օրհնութիւնը եւ խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.