2015-06-21 10:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ժամանեց Թորինօ. Բանուորական աշխարհին հետ հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 21 Յունիս 2015-ի առաւօտեան կանուխ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Չամփինօ օդակայանէն մեկնեցաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի Իտալիոյ Թորինօ քաղաքը, ուր ժամանեց առաւօտեան 8-ին, ''Torino Caselle'' օդակայան, եւ ուր զինք դիմաւորեցին թեմին առաջնորդը`գերապայծառ Չեզարէ Նոզիլիա, Իտալիոյ  Piemonte մարզի մարզապետ` Սերճօ Քիամբարինօ, Թորինոյի ոստիկանապետ Փաոլա Պազիլոնէ եւ քաղաքապետ Փիերօ Ֆասսինօ։

Բարի գալուստի արարողութենէն ետք, Սրբազան Հայրը  ուղղուեցաւ Թորինոյի ''Reale'' հրապարակը ուր հանդիպում ունեցաւ բանուորական աշխարհին ներկայացուցիչներուն հետ որ հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Թորինօ կատարած երկու օրուայ հովուական այցելութեան հանրութեան հետ առաջին պաշտօնական հանդիպումը եւ որուն ընթացքին իր մօտիկութիւնը յայտնեց ''երիտասարդ անգործներուն'' ու այն անձերուն որոնք անկայուն աշխատանք մը ունին ինչպէս նաեւ գործարարական աշխարհի անդամներուն, արհեստաւորներուն ու յատկապէս անոնց որոնք մեծ դժուարութեան դիմաց կը գտնուին յառաջ ընթանալու համար։

Աշխատանքը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը անհրաժեշտ չէ միայն տնտեսական աշխարհին այլ մարդ արարածին համար, անոր արժանապատուութեան ու անոր քաղաքացիութեան եւ անոր ընկերային ներառումին համար։

Թորինոն – ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը-  եղած է աշխատանքային գրաւիչ վայր մը` սակայն այսօր ծանրապէս կը տառապի տագնապէն,  կայ աշխատանքի պակաս, տնտեսական եւ ընկերային անհաւասարութիւնը աճում կ՛արձանագրէ, շատ մը անհատներ աղքատացան ու ծանր հարցերու դիմաց կը գտնուին մինչ ներգաղթը կ՛աճեցնէ մրցակցութիւնը­, թէեւ գաղթականներուն պէտք չէ վերագրել այս մէկը` որով անոնք զոհերն են անօրինականութեան, պատերազմներուն եւ այն տնտեսութեան որ կը ''մեկուսացնէ''։

Այս իրողութեան դիմաց մենք կանչուած ենք վերահաստատելու մեր ''Ոչ''ը մնացորդացի տնտեսութեան որ ''կը բացառէ մանուկները, ծերունիները եւ այժմ նաեւ երիտասարդները, որոնց 40 առ հարիւրը անգործ են''։

Կանչուած ենք ոչ ըսելու դրամապաշտութեան. Ոչ ըսելու կաշառակերութեան. Ոչ Մաֆիական ներմուծումներուն. Ոչ խարդախութիւններուն. Միայն մեր ուժերը միացնելով է որ կարող ենք ոչ ըսել անօրինականութեան որ բռնութիւն կը յառաջացնէ – ըսաւ Սրբազան Պապը – ընդգծելով թէ ''Այս իրողութիւնը չի հայիր լոկ Թորինոյին կամ Իտալիոյ այլ ընդհանրական հարց մըն է, ու կը պահանջէ տնտեսական նոր կարգավիճակ մը, հիմնուած ոչ թէ դրամագլուխի այլ հասարակաց բարիքին վրայ։

Սրբազան Հայրը ապա քաջալերեց Թորինօ քաղաքը ըլլալու տնտեսութեան եւ ընկերային նոր եղանակ մը ու հրաւիրեց համարձակ ներդրումներ կատարել ''կազմաւորումի'' մարզէն ներս։ 

Այսօր ըսաւ ապա Քահանայապետը կ՛ուզեմ իմ ձայնս միացնել այն բոլոր աշխատաւորներու եւ գործարարներու ձայնին, պահանջելու համար սերունդներու միջեւ հասարակական համաձայնագիր մը, միասին աշխատելու եւ սերունդներու միջեւ զօրակցութիւնը վերահաստատելու։  

''Զաւակներն ու մեծ հայրիկ ու մեծ մայրիկները ազգի մը հարստութիւնն են''­, հաստատեց Ֆրանչիսոս Պապը ու  շեշտեց ''քաջութիւն'' բառին իմաստը­, որ ''կը նշանակէ յանդգնիլ'' ըսաւ Ան։ Յառաջ ընթացէք, եղէք ստեղծագործներ, եղէք ամէնօրեայ արհեստաւորներ եւ ապագայի արհեստաւորներ այն ուժով եւ յոյսով որ Տէրը մեզի կու տայ եւ որ երբեք յուսախաբ չի թողուր։

Ասոր համար է որ կ՛աղօթեմ ու ձեզի կ՛ընկերանամ բոլոր սրտովս։ Տէրը ձեզ օրհնէ եւ Տիրամայրը ըլլայ ապաւէն։ Խնդրեմ բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար - եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.