2015-06-20 12:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը աշխատանքի ասպետներու ընկերկացութեան անդմաներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 20 յունիսի, առաւօտեան ժամը 10.00ին , Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսաց համաժողովի կառավարիչ` կարդինալ Մարք Ուէլլէն։ Ժամը 11.00-ին, ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ Կինէա էքութորիալէ նորանշանակ Դեսպան` Տիար Ժուաքին Մպանա Նշամա, հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով։

Սրբազան Հայրը ապա ընդունեց  Փէրույի Փունօ թեմին եպիսկոպոս` գերապայծառ Ժորժ Փէտրօ Քարրիոն Փավլիչ, հուսկ Իտալական  ACRI կոչուող դրամատան  հիմնադիրներու ընկերակցութեան նախագահ Տոքթ Ժուզթփփէ Կուզզէթթին եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։

Մինչ՝ Կէսօրին, Վատիկանի Քլէմէնթինա  սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Իտալական Աշխատանքի Ասպետներու Ազգային ընկերակցութեան''  շուրջ 400 անդամներուն ու այս առթիւ անոնց ուղղած  ճառին մէջ ուրախութիւնը յայտնեց հանդիպումին համար ու ընդգծեց թէ ''Աշխատանքի արժանիքի''  կարգի շնորհումը, 100 տարիէ ի վեր կը կազմէ, պետական գլխաւոր անձնաւորութիւններուն կողմէ շնորհուած կարեւոր մեծարանքը,  ձեզի պէս մարդոց որոնք  բնորոշուած են տնտեսական եւ գործակալական մարզէն ներս,  նպաստելով  աշխատանքային հնարաւորութիւններու ստեղծման եւ իտալական արտադրութեան արժէքը գնահատելի դարձնլեու աշխարհին մէջ։

Ասպետական մեծարանքը  թանկագին  արժեւորում մըն  է  յատկապէս մեր այս ժամանակակից աշխարհին մէջ ուր՝ տնտեսա – ֆինանսական տագնապի պատճառաւ ճանչցաւ ծանր  անկում որ յառաջացուց  ընկերային  անհաւասարակշռութիւն,  եւ անգործութիւն՝ յատկապէս երիտասարդներուն համար։Աշխատանքի աշխարհը պէտք ունի պատրաստակամ եւ պատրաստուած երիտասարդներու, մինչ այդ վերջին տարիներու անոնց ուղղուած պատգամը եղած է թէ ''կարիքը չունինք երիտասարդներուն'' ու ասիկայ  ծանր անկարգութեան ախտանիշն է  որ կարելի չէ վերագրել լոկ՝  միջազգային եւ համապարփակ կարգի պատճառներուն։

 Հասարակաց բարիքը կարելի չէ  հետապնդել միայն շահաբերութեամբ կամ աշխատանքային արտադրութեան աւելացումի ձգտումով, այլ ան անխուսափելիօրէն  կ՝ենթադրէ գործօն ներառում  բոլոր անհատներուն, որոնք կը կազմեն ընկերային մարմինը։

Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումը յաճախ կը վերյիշեցնէ,  թէ մարդ էակը զարգացման կեդրոնն է եւ այնքան ատեն. որ այրեր ու կիներ մեկուսացուած կը մնան, հասարակաց բարիքը՝ կարելի չէ նկատել  ամբողջովին գործադրուած։։

 

 

 

 

 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  անդրադռնալով  տնտեսականութեան արդար գործադրութեան մասին, ըսաւ ՝՝տնտեսականութիւնը եթէ հիմնուած ըլլայ լոկ արդարութեան եւ օրէնքի պահպանման  վրայ այն ատեն է, որ կը ձգտի իսկական զարգացումին,  այն ատեն է, որ չի մեկուսացներ անհատներն ու ժողովուրդները եւ  հեռու կը մնայ կաշառակերութենէն եւ չանտեսեր բնութեան պահպանումը։

Իսկապէս արդար է ան՝ որ օրէնքը գործադրելէ անդին, կը գործէ խղճամտութեամբ եւ իր բարիքէն զատ կը նայի ընդհանուր բարիքի շահերուն։ Արդար է այն անձը որ սրտանց հոգ կը տանի  աղքատներուն  եւ ան որ չի յոգնիր գործելէ եւ նոր հնարաւորութիւններ  եւ  ուղիները ստեղծելէ ։

Արդարութեան այս գործադրութիւնն է որ, իր ամբողջական իմաստով, կը մաղթենք բոլոր տնտեսական գործիչներուն ու բոլոր քաղաքացինեուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը հայցելով ներկաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար աշխատանքի  Ասպետներու պահապան Սուրբ Բենետիտոսի բարեխօսութիւնն  ու բոլորին շնորհելով իր Առաքելական օրհնութիւնները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.