2015-06-20 08:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Թորինոյի այցելութեան ընդհանուր յայտագիրը։


Վարշամակի  ցուցադրութեան եւ Յովհաննէս Պոսքոյի ծննդեան երկրորդ դարադարձին առթիւ։

(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 21 Յունիս 2015-ին առաւօտեան կանուխ­, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Չամփինօ օդակայանէն, օդանաւով կը մեկնի դէպի Թորինօ քաղաքը, ուր կը ժամանէ ութին, ''Torino Caselle'' օդակայան եւ ուր զինք կը դիմաւորեն թեմին առաջնորդը`գերապայծառ Չեզարէ Նոզիլիա­­,  Piemonte-ի մարզապետ` Սերճօ Քիամբարինօ, քաղաքին ոստիկանապետ Փաոլա Պազիլոնէ քաղաքապետ Փիերօ Ֆասսինօ։

Բարի գալուստի արարողութենէն ետք, Սրբազան Հայրը  կ՛ուղղուի Թորինոյի ''Reale'' հրապարակը ուր հանդիպում կ’ունենայ բանուորական աշխարհին ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպումի ընթացքին  նախատեսուած են ողջոյնի խօսքեր արտասանուած  մէկ բանուորի մը, հողամշակի մը  եւ գործառուի մը կողմէ ու ապա Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը։

Նորին Սրբութիւնը ապա ժամը 9.15-ին (հետիոտն) կ՛ուղղուի Աթոռանիստ եկեղեցի`  աղօթք մը կատարելու Յիսուսի վարշամակին առջեւ, նոյնպէս հակիրճ աղօթք մը  կատարելու երանելի ''Pier Giorgio Frassati-ի նուիրուած խորանին ոտքին։ Հուսկ կ’ ողջունէ փակեալ կրօնաւորուհիները, թեմական քահանաները, վարշամակի  յանձնախումբը, երանելի ''Pier Giorgio Frassati'' պարագաները, կարդինալ Փոլեթոն եւ մարզի եպիսկոպոսները։ ժամը 10-ին Սրբազան Հայրը կ՛ուղղուի ''Յաղթանակի'' հրապարակ (Piazza Vittorio) ուր համապատարագ կը մատուցէ, յաւուր պատշաճի  քարոզը  եւ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանելով ։

Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը թեմի առաջնորդարանին մէջ սիրոյ սեղանը կը բաժնեկցի խումբ մը անչափահաս բանտարկեալներու, գաղթականներու, անօճախներու եւ (Ռոմ) գնչու մէկ ընտանիքի մը հետ։

14.30-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ’ուղղուի ''Consolata - Մխիթարիչ'' Տիրամօր նուիրուած սրբավայրը, ուր առանձնական աղօթք կը կատարէ եւ ապա կ’ուղղուի Օգնական Տիրամօր Պազիլիքա, հանդիպում ունենալու Սալեզեան միաբանութեան կրօնաւորներու ու կրօնաւորուհիներու հետ` անոնց հիմնադիր Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոյի ծննդեան երկրորդ դարադարձին տօնակատարութիւններուն առթիւ։

Ժամը 16-ին Նորին Սրբութիւնը կը հասնի Cottolengo, ուր հանդիպում կ’ունենայ հիւանդներու ու ֆիզիկական ու մտային անկարներու հետ։ Այցելութեան աւարտին, ժամը 17.30-ին դարձեալ Յաղթանակի հրապարակ կը վերադառնայ հանդիպում ունենալու երիտասարդութեան հետ անոնց ուղղելով սրտի պատգամը ու վերջ տալով Թորինօյի այցելութեան առաջին օրուան յայտագիրին։

Սրբազան Հայրը կը գիշերէ թեմի առաջնորդարանին մէջ։

Երկուշաբթի 22 Յունիսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը համամիութենական հանդիպում կ’ունենայ, Վալտեզէ տաճարին մէջ, ուր զինք կը դիմաւորեն Վալտեզէ աւետարանական Եկեղեցւոյ երեք հովիւները։ Տաճարին մէջ հուսկ երեք հովիւներու արտասանած բարի գալուստի խօսքերէն ետք` խօսք կ՛առնէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա տեղի կ՛ունենան նուէրներու փոխանակում եւ Տէրունական աղօթքը։ Այս առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը հանդիպում կ’ունենայ Վալտեզ աւետարանական եկեղեցւոյ հետ։

Ժամը 10.15-ին Սրբազան Հայրը դարձեալ առաջնորդարան կը վերադառնայ­, առանձնական ու մտերմական հանդիպում ունենալու իր ազգականներուն հետ։ Անոնց համար պատարագ կը մատուցէ եւ կէսօրին միասին կը ճաշեն։ 

Նախքան Հռոմ վերադառնալը Նորին Սրբութիւնը հակիրճ հանդիպում կ՛ունենայ  նաեւ '' վարշամակի կոմիտէի'' անդամներուն եւ այցելութիւնը կազմակերպիչներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապին օդանաւին Հռոմ վայրէջքը  նախատեսուած է երկուշաբթի 22 յունիսի երեկոյեան ժամը 6.30-ին,  Չամբինօ օդակայան։








All the contents on this site are copyrighted ©.