2015-06-20 08:47:00

Թիֆլիսի ողողումներուն պատճառով 457 մարդ վնասուած են


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի Պետական անվտանգութեան եւ ճգնաժամերու կառավարման խորհուրդը հաղորդած է, որ Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ ողողումներէն վնասուած են 457 մարդիկ, որոնցմէ 119-ը` երեխաներ:

«Աղէտին պատճառով վնասուած բնակչութեան հաշուարկման իբրեւ արդիւնք առողջապահութեան նախարարութիւնը արձանագրած է 106 ընտանիք, ընդամէնը` 457 մարդ: Անոնցմէ 119-ը երեխաներ են, 56-ը` տարեցներ, իսկ հինգը` յղիներ», ըսուած է խորհուրդի հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ վերջին տուեալներուն, զոհուած է 19 մարդ, երեք քաղաքացի անյայտ կորսուած կը նկատուի:

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի յայտարարած է, որ 6,9 միլիոն տոլար յատկացուած է Թիֆլիսի մէջ ջրհեղեղէն վնասուածներուն օգնութիւն ցուցաբերելու եւ աղէտի հետեւանքները վերցնելու համար: Վրաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան որոշումով, պետական գանձարանին մէջ 15 յունիսին բացուած են յատուկ հաշիւներ, ուր բոլոր փափաքողները կրնան նուիրատուութիւն կատարել Թիֆլիսի ջրհեղեղէն վնասուածներուն օգնելու, ինչպէս նաեւ աղէտի հետեւանքները վերցնելու ծախսերը ֆինանսաւորելու համար: Յատուկ հաշիւներ բացուած են թէ՛ ազգային, թէ՛ ալ օտար դրամանիշով:

Pravda.ru կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Վրաստանի իշխանութիւնները Թիֆլիսի բնակիչներուն կոչ կ՛ուղղեն զգուշ ըլլալու, որովհետեւ քանի մը վտանգաւոր անասուններ` վագր մը եւ բորենի մը, որոնք անհետացած էին ողողումներուն ընթացքին, տակաւին չեն յայտնաբերուած:

Երկրին վարչապետը յայտնած է, որ փրկարարական ջոկատները չեն դադրեցուցած անասուններու փնտռտուքի աշխատանքները: Ան բնակիչներուն կոչ ուղղած է կարելի եղածին չափ զգուշ ըլլալու եւ անհրաժեշտութեան պարագային հեռաձայնելու արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ վագր մը Թիֆլիսի մէջ յարձակած ու սպաննած է տղամարդ մը: Աւելի ուշ, նշեալ վագրը յայտնաբերուած էր եւ սպաննուած: Կատուազգիին վնասազերծման յատուկ գործողութիւնը տեղի ունեցած էր «Լակունա Վերէ» նախկին լողաւազանին յարակից տարածքին մէջ` կենդանաբանական պարտէզէն ոչ հեռու:








All the contents on this site are copyrighted ©.