2015-06-20 08:59:00

Դ. Կիրակի Զկնի Հոգեգալստեան ՄՏԹ. ԺԲ. 38 – 45


Յիսուսի ժամանակակից հրեաները, դպիրները եւ փարիսեցիները ականատես եղած էին անոր գործած բազմաթիւ հրաշքներուն, որոնք բաւարար էին զիրենք համոզելու թէ Ան խոստացուած Մեսիան էր, բայց անոնք միայն նիւթին կարչած` հոգեւորապէս կոյր, աչք ունէին եւ չէին տեսներ, հաւատք չէին ընծայեր Իրեն, որովհետեւ ինչպէս կը կարդանք այսօրուան Աւետարանին մէջ, կը խնդրեն Քրիստոսէ նոր արտակարգ, զգայացունց սքանչելիք մը երկինքէն:

Անոնք այս խնդրանքը կ՛ընէին ոչ թէ անով հաւատքի գալու համար, որովհետեւ այնքան հրաշքներ տեսնելէ ետք  հաւատացած չէին, եւ նոր հրաշք մը տեսնելով չէ որ հաւատքի պիտի գային: Ամէն պարագային` Ամենաբարին Յիսուս անոնց կը խոստանայ  գերագոյն հրաշք մը` իր անձնական Յարութիւնը, ըսելով. « Ինչպէս որ Յովնան Կէտի փորի մէջ մնաց երեք օր եւ երեք գիշեր, նոյնպէս ալ մարդու Որդին պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ երեք օր ու երեք գիշեր»: Այս խօսքերով կը խոստանար թէ իր մահէն երեք օր ետք յարութիւն պիտի առնէր եւ ասիկայ պիտի ըլլայ աստուածային առաքելութեան կնիքը եւ ամենամեծ նշանը: Մեր Տէրը պիտի կատարէր այս մեծ հրաշքը, սակայն հրէաները դարձեալ պիտի չհաւատան իրեն ու այսպէս աւելի յանցապարտ պիտի ըլլան քան թէ Նինուէացիները, որոնք զղջացին իրենց մեղքերուն վրայ եւ ապաշխարեցին Յովնանու քարոզութիւնը լսելով եւ ըսել որ հոս Յովնանէ աւելի մեծը կար:

                Այսպէս Մեսիայի ժամանակակիցները իրենք զիրենք կոյր ձեւացուցին` չտեսնելու համար եւ խստասիրտ գտնուեցան յայտնի ճշմարտութեան դիմաց, անոր համար ալ անոնց դատաստանը խստապահանջ պիտի ըլլայ եւ պիտի չկարենան երբեք իրենք զիրենք արդարացնել, որովհետեւ ունեցան այնպիսի յորդառատ շնորհքներ եւ լոյսեր, որոնք շնորհուած չէին ուրիշներուն: Մէկ խօսքով անոնց գործած մեղքը Ս. Հոգւոյն դէմ էր, որուն համար Յիսուս ըսաւ թէ պիտի չներուի ոչ այս աշխարհիս վրայ եւ ոչ ալ հանդերձեալին մէջ:

                Հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը եւ գոռոզութիւնը մեծ արգելք են ճշմարտութիւնը ճանչնալու, որովհետեւ ինչպէս կ՛ըսէ Ս. Պետրոս. « Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն եւ իր շնորհքները կու տայ խոնարհներուն»: Ուղղամիտներու եւ բարի կամք ունեցողներու համար` մեծ փաստեր չեն պահանջուիր, անոնք արդէն ծարաւի են ճշմարտութեան եւ տրամադիր զայն ընդունելու պարզամիտ սրտով:

Մենք ալ այսօր հրեաներէն նուազ անհաւատ չենք: Քանիցս հրեաներուն նոյն ընթացքը կը բռնենք, հաւատք չենք ընծայեր Քրիստոսի ըսածներուն եւ մանաւանդ չենք գործադրեր իր իմաստուն պատուէրները փրկութեան հասնելու համար: Մկրտուածներուն մէջէն քանիներ այսօր կորսնցուցած են իրենց հաւատքը, հաւատուրացներ դարձած են, քանիներ ալ տեսականին մէջ իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը դաւանին, բայց գործնականի մէջ հեթանոսաբար կ’ապրին, որով աւելի յանցապարտ են քան Քրիստոսի ժամանակակից Հրեաները: Մեզմէ` քրիստոնեաներէս ներկայիս աւելի կը պահանջուի կենցաղի վկայութիւն, բարի օրինակի շինիչ ազդեցութիւնը ընկերութեան վրայ: Քրիստոնեաներուս վարած օրինակելի կեանքը պատճառ կը հանդիսանայ շատերուն Աստուծոյ անունը փառաբանելու: Հետեւաբար, զգոյշ ըլլանք գայթակղութիւն չպատճառելու ուրիշներուն, այլ տէր կանքնինք մեր վարքն ու բարքին:

Յիսուս իր խօսքը կը վերջացնէ ըսելով. « Պիղծ ոգին, երբ մարդէն դուրս ելլէ, կը շրջի անջրդի տեղեր, կը փնտռէ հանգիստ եւ չի գտներ: Այն ատեն կ՛ըսէ վերադառնամ տունս, ուրկէ ելայ: Երբ գայ, կը գտնէ զայն դատարկ, մաքրուած եւ յարդարուած: Կ՛երթայ եւ հետը կը բերէ ուրիշ եօթը հոգիներ, իրմէ աւելի պիղծ»: Այլ խօսքով կը հասկնանք, թէ մարդս անընդհատ բարի եւ չարի պայքարի մէջ է: Այս պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ մեր կեանքին վերջը: Երբ մեր կեանքին նպատակները պարզենք, այսինքն թէ ինչո՞ւ կ՛ապրինք, եւ ո՞ւր պիտի հասնինք, այն ատեն բարին կը յաղթահարէ չարիին: Եթէ նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցները, եւ եթէ մեր նպատակը եղած է հոգիներուն փրկութիւնը, այնուհետեւ պարտինք կատարել Աստուծոյ կամքը:

Վերջապէս հարց կու տանք. արդեօք գոյութիւն ունին չա՞ր եւ Բարի՞ մարդիկ: չար մարդիկ գոյութիւն չունին, կան միայն կեանքի դառնութիւններէպ չարացած մարդիկ: Չարութիւնն է , որ կը ստիպէ մարդոց վատ գործելու, նախանձութեան: Չարութիւնն է, որ կը պղտորմ է մարդկային հոգին, ժանտախտի նման կը տարածուի ողջ հոգով ու մտքով: Չարութեամբ կը լեցւուին միայն թոյլ մարդիկ, որոն չեն դիմանար կեանքի փորձութիւններունն, չեն պայքարիր այն բանի համար զոր ունին, եւ պարզապէս կը չարանան, մեղադրելով միւսները, պայքարողներուն, ուժեղ մարդոց: Բարի մարդ ըլլալ կը նշանակէ ապրիլ առողջ հոգիով: Եկէ՛ք ուրեմն, մեր սիրտը դարձնենք բարիին բնակարանը, եւ մեր մէջէն հեռացնենք չարի բոլոր մտածումները եւ գործերը: Ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.