2015-06-19 13:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը ուղղուած անկար մարզիկներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 19 յունիսին` Ֆրանչիսկոս Պապը Առաքելական պալատին մէջ ընդունելով ''Special Olympics Italia'' անկար մարզիկներու մէկ պատուիրակութիւնը, որ յառաջիկայ Յուլիսին Լոս Անճէլըսի մէջ պիտի մասնակցի  Համաշխարհային Ախոյանութեան խաղերուն, յայտնեց թէ մարզանքի աշխարհը ուշադրութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ կը դիտէ եկեղեցին որովհետեւ գիտէ որ անոր հետ միասին կարելի է մարզանքին վերադարձնել իսկական իմաստը` կրթական, զուարճութեան ու հանգիստի, ու նաեւ անոր մշակութային եւ ընկերային արժանապատուութիւնը։

Գեղեցիկ ու նշանակալից է որ երիտասարդներ եւ չափահասներ մարզանքի ու մրցումներու մասնակցութեան մէջ կը գտնեն իրենց կեանքը լիապէս ապրելու խթանը։ Ձեզ կը քաջալերեմ շարունակելու ձեր այս յանձնառումը` մէկը միւսը օգնելու մէջ ու ձեր  ներուժը վերագտնելու մէջ, ինչպէս նաեւ սիրելու կեանքը ու գնահատելու զայն իր բոլոր սահմանափակումներով ու յատկապէս իր գեղեցիկ երեւոյթներով- ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - մատնանշելով թէ ''Մարզանքը միջոց մըն է բացուելու, դուրս ելլելու, սորվելով մասնակցիլ ու գերազանցել մենք զմեզ, այս բոլորը կ՛օժանդակեն դառնալու ընկերութեան եւ եկեղեցւոյ գործօն անդամներ''։

Հաւատարիմ մնացէք մարզանքի իտէալներուն – յորդորեց ապա Քահանայապետը – մի վարակուիք մարզային կեղծ մշակոյթէն` տնտեսական ձգտումի եւ ամէն գնով յաղթանակի ինչպէս նաեւ անհատականութեան մշակոյթէն։ Պահպանեցէք եւ պաշտպանեցէք մարզանքը որպէս մարդկային արժէքներու փորձառութիւն մը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ճառը եզրափակեց մաղթելով որ Համաշխարհային Ախոյանութեան յառաջիկայ հանգրուանը ապրուի ուրախութեամբ, բարեկամական նոր կապեր մշակելով, ու ապա բոլոր ներկաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնները խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։ ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.