2015-06-19 09:29:00

Փախստականներու գծով ՄԱԿի գերատեսչութեան տեղեկագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան)Աշխարհի մէջ գրեթէ 60 միլիոն անհատներ  պարտադրուեցան իրենց օճախներէն հեռանալ, կը կարդանք Փախստականներու գծով ՄԱԿի գերատեսչութեան 2014-ի տեղեկագիրին մէջ։ Թիւը մտահոգիչ է` քանի նախորդ տարիէն փախստականներու ու գաղթականներու թիւը աւելի քան 8 միլիոն աճում  արձանագրած է։ 

2014-ին միջին հաշուով ամէն օր 42.500 անհատներ պարտաւորուեցան ամէն բան թողուլ ու սեփական տունէն հեռանալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.