2015-06-19 09:16:00

Եւրոպական յանձնախումբի հանդիպումը կրօնապետերուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Անցեալ 16 Յունիսին, Պրիւքսէլի մէջ, եւրոպական յանձնախումբին մօտ կայացաւ կրօնապետերու ժողով մը։ ''Այս երկխօսութիւնը աւելի քան երբեք կարեւոր է'', ըսաւ Եւրոպական յանձնախումբի փոխ նախագահը Frans Timmermans, քանի մեր ընկերութիւնները կը դիմագրաւեն հիմնական մարտահրաւէր մը։ Եկեղեցիներն ու կրօնները կարող են կարեւոր դեր մը կատարել ընկերային յարակցութեան ի խնդիր ու լիացնել տարբերութիւնները։

Կլոր սեղանին մասնակցեցան քրիստոնեայ, հրեայ, մահմետական, ինտու, պուտտայական ու մարմոն կրօններու պատկան կրօնապետեր, որոնք բանակցեցան ''միասնաբար ապրիլ եւ ընդունիլ զանազանութիւնները'' նիւթին շուրջ։

Ժողովին եզրակացութիւնները բանակցութեան նիւթ պիտի դառնան յառաջիկայ հաւաքին որ տեղի պիտի ունենայ ` 1 եւ 2 Հոկտեմբեր 2015-ին եւ որուն գլխաւոր նիւթը պիտի հանդիսանայ. ''Հանդուրժողութիւնն ու իրաւունքը, նախատեսել ու պայքարիլ սեմական ատելութեան ու մահմետականութեան դէմ Եւրոպայի մէջ''։ Յայտնենք թէ վերոյիշեալ Ժողովին իր միջամտութիւնը բերաւ Միւնիխի առաջնորդը` կարդինալ Մարքսը








All the contents on this site are copyrighted ©.