2015-06-19 10:39:00

Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին մեծարանք եւ պարգեւատրում Գերմանիոյ մէջ


13 յունիս 2015, շաբաթ կեսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Գերմանիոյ Գոլոնիա քաղաքի «Սուրբ Առաքեալներու» պազիլիքայի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին մեծարանքի եւ պարգեւատրումի հանդիսութիւնը «Ստեֆանոս» Հիմնարկին կողմէ։  Պարգեւատրումի հանդիսութեան մասնակցեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Երուսաղեմի եւ Յորդանանի առաջնորդ, Սուրբ Աթոռի մօտ ներկայացուցիչ եւ քահանայապետական հայ վարժարանին տեսուչ գերապայծառ հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեան՝ որպէս  ներկայացուցիչ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին:

Հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ թեմին ներկայացուցիչները, համալսարաններու դասախօսներ, մասնագէտներ, պատմագէտներ, ակադեմական անձնաւորութիւններ եւ մասնաւորաբար Յիսուսեան Հայրերու Ֆրանքֆորդի Փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան կաճառի ներկայացուցիչներ: Փրոֆէսէօր Ուլֆկանկ հանգամանօրէն անդրադարձաւ այս 10-րդ պարգեւատրման: Հոգեւոր երգերու կատարումէն ետք, Փրոֆէսէօր Դոկտոր Մարթին Թամքէ ներկայացուց ուսումնասիրութիւն մը Մարտինի կաթողիկէ հայոց եպիսկոպոս երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որմէ ետք գերապայծառ Նորատունկեան խօսք առնելով՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, ինչպէս նաեւ անցեալի եւ ներկայ նահատակներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսութիւնը կազմակերպողներուն, ներկաներուն եւ համայն հայութեան։  Ան ըսաւ թէ այս պարգեւատրումը եւ նահատակութեան արժեւորումը  կ'երթայ աշխարհասփիւռ  հայերուն, որոնք կը յիշատակեն Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Ան աւելցուց թէ այս հանդիսութիւնը խաղաղութիւն որոնելու եւ զայն իրականացնելու ցանկութեան արտայայտութիւն մըն է:

Ան ըսաւ թէ մարդկային իրաւունքներու ի խնդիր պատերազմ ընելու իրաւունք երբեք պէտք չէ գոյութիւն ունենայ եւ ոչ ալ թոյլ տալու է, որ մարդիկ կրեն պատերազմներու հետեւանքները: Մարդկային իրաւունքներու մէջ - ըսաւ գերապայծառը - մարդու ազատութիւնը, ուրիշին խօսքի, խղճի,  յիշատակութեան ազատութիւնը սահմանափակող ոչ մէկ իրաւունք գոյութիւն պէտք է ունենայ: Նահատակները խաղաղարարներ են եւ կը յիշուին ու կը մեծարուին ու կը պարգեւատրուին որովհետեւ անոնք մեզի թողուցին օրինակը թէ ինչպէս կարելի է պայքարիլ հալածանքներու դէմ:

«Չհրաժարիլ աստուածաշնորհ իրաւունքներէն, հաւատքէն եւ հաւատամքէն եւ ո՛չ ըսել պատերազմին՝ այս է նահատակներուն պատգամը, յարեց  գերապայծառը։ Նահատակութիւնը պատասխանն է  պատերազմին: Նահատակութիւնը լաւագոյն ձեւն է պաշտպանելու հաւատքը եւ զայն յաջորդ սերունդներուն փոխանձելու: Անաղարտ նահատակութիւնը լաւագոյն  միջոցն է աւետարանումի: Նահատակութիւնը  լաւագոյն եւ ամենայաջող ձեւն է երկխօսութեան՝ քրիստոնեաներուն միջեւ»:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Գոլոնյի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ «Ողջոյն քեզ Մարիամ» երգով եւ օրհնութեամբ տեղւոյն առաջնորդի փոխանորդին, գերապայծառ Նորատունկեանին եւ Ասորի ուղղափառ ժողովրդապետին:








All the contents on this site are copyrighted ©.