2015-06-18 14:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 18 յունիսի քարոզը ՝՝տկար ենք՝ բայց պէտք է ունենանք ներելու ուժը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնեան գիտակից ըլլալու է, թէ  առանց Տիրոջ օգնութեան`  չի կրնար յառաջ ընթանալ իր կեանքին մէջ։ Ասիկա եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած քարոզին նիւթը, հինգշաբթի, 12 յունիսի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի  մատրան մէջ մատուցած՝ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, կեդրոնանալով տկարութիւն, աղօթք  եւ ներում բառերուն վրայ եւ ընդգծելով  թէ մեր տկարութիւնը յառաջ կու գայ սկզբնական մեղքի վէրքէն։

''Ան՝ որ ինքզինք զօրեղ կը նկատէ եւ կը կարծէ  թէ  կրնայ առանցին  յառաջ ընթանալ` անմիտ է'', հաստատեց Ֆրանչիսկոս  Պապը,  աւեցնելով՝ թէ ան  պիտի յաղթահարուի՝ իր մէջը կրած անթիւ, անհամար  տկարութիւններէն։

Ակնարկելով տկարութեան` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յայտնեց թէ տկարութիւնը,  մեզ կը մղէ դիմելու Տիրոջ՝ օգնութիւն հայցելու համար, որովհետեւ ոչինչ կրնանք ընել առանց Անոր օգնութեան, զգուշացնելով ''ան որ ոտքի է թող զգուշ ըլլայ անկումէն''։

Ապա, խօսելով  աղօթքի մասին, Սրբազան Հայրը յորդորեց, որ  պէտք է աղօթել Սամուէլի մօր նման  երբ,  զաւակ ունենալու համար  կ՝աղօթէր  Յիսուսին,   հազիւ  շրթները շարժելով, որովհետեւ անկարող էր խօսելու։ ''Այսպէս պէտք է աղօթել Տիրոջ''  հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը որովհետեւ Աստուած  քաջատեղեակ է մեր մասին, եւ կը ճանչնայ մեր կարիքները։ Սկսինք աղօթել ՝՝Հայր՝՝ բառը արտասանելով, որ մարդկային բառ մըն է,  այս մէկը կատարելով Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ ։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ ապա ներումի մասին, ընդգծելով Յիսուսի՝ առաքեալներուն ուղղած խօսքը`  ''եթէ չի ներէք ուրիշներուն  գործած սխալները,  Հայրն ալ պիտի չներէ  ձեզ''։ Միայն՝ լաւ աղօթելով  եւ զԱստուած Հայր  կոչելով, մեր սիրտը պիտի գտնուի խաղաղութեան մէջ` ուրիշներու եւ եղբայրներուն նկատմամբ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու քարոզը եզրակացուց ըսելով. ''ներէ՝ ինչպէս Ան կը ներէ, այսպէսով՝ աղօթքով հայցուած Աստուծոյ օգնութիւնը, մեր տկարութիւնը կը վերածէ  ուժի, որովհետեւ ներումը մեծ ուժ մըն է։ Պէտք է,  զօրաւոր ըլլանք ներելու մէջ, սոյն զօրութիւնը սակայն շնորհք մըն է, որ կը ստանանք Տիրոջմէ՝  որովհետեւ տկար ենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.