2015-06-18 15:33:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական եկեղեցւոյ Վարդապետ


Յոյսը աստուածաբանական առաքինութիւններէն մին է՝ հաւատքի եւ սիրոյ կողքին։ Այն առաքինութիւնն է, որ մեզ հաստատուն կը պահէ կեանքի որեւէ վիճակի մէջ։ Քրիստոնեային յոյսը Քրիստոս է, որ մեզի յայտնեց Աստուծոյ սէրը եւ զօրութիւնը եւ մեզ փրկեց խաւարէն ու մահէն։

Ս. Գիրգոր Նարեկացիի “Մատեան Ողբերգութեան” երկի տողերը ոչ միայն կ’ողբան մարդ արարածի մեղսականութիւնը, մեղաւորի տխուր եւ անկեալ վիճակը՝ այլ միշտ յոյսով ակնարկը կ’ուղղեն վեր, Աստուծոյ, Քրիստոսի՝ լոյսին, յոյսին եւ փրկութեան։ Քրիստոնեայ մեղաւորը տեսնելով իր մեղքերու բազմութիւնը՝ կը զղջայ, կ’ողբայ եւ կ’ապաշխարէ։ Զղջումն ու ապաշխարանքը, եւ ապա ներումը Աստուծմէ տրուած շնորհքներ են, հայրական սիրոյ պարգեւներ։ Մեղաւորը միշտ ներում կը գտնէ եւ մաքրուած ապաշխարանքի խորհուրդով՝ կը վերականգնի եւ կ’ընթանայ յառաջ՝ շարունակելով իր կեանքը Քրիստոսի մէջ, որ լոյս է եւ յոյս։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, “Մատեան Ողբերգութեան” աղօթագրքին մէջ կը խօսի այս յոյսի մասին։

“Այժմ, ես յետինս դաւանողներուն, որ դատարկացած եմ բարիքներէ,

Դիտելով՝ մտքի խոհանքով՝ սկիզբը իմ գոյութեանս,

Որ ոչինչէն տեղի ունեցաւ Արարչիս ձեռքով,

Կը յուսամ ու կը հաւատամ,

Թէ Յիսուս Քրիստոս կարող է ընել՝ ինչ որ կամենայ։

Եւ որովհետեւ հաւատացի՝ անոր համար խօսեցայ,

Պօղոսէն խրատուած եւ Դաւիթէն սորված,

Ուստի այժմ անոնց կենդանի աղօթքը թող ինծի օգնէ,

Ճանչնալու համար զԻնք հաւատքով՝ ըստ առաքեալին

Եւ զօրութիւնն անոր յարութեան,

Հաղորդութիւն՝ անոր չարչարանքներուն։

Ստոյգ հաւատքը ՝

Որով մեղաւորը դուրս կու գայ քաւուած,

Չարագործը՝ արդարացած, անսուրբը՝ մաքրուած՝

Մահացու եւ անքաւելի մեղքով յանցաւորը՝

Երանութեան անմեղ վիճակին,

Եւ ծառայական կապանքներէն երկնաւոր ազատութեան տիրացած։

Մեղաւորը կրնայ յուսալ, թէ դարձեալ կը հասնի

նախապէս պարգեւատրուած փառազարդութիւններուն։”

 

Ապա Նարեկացի յիշելէ ետք մեղաւորները, որոնց մասին կը պատմուի Աստուածաշունչի մէջ, կը շարունակէ՝

«Ասոնցմէ ոմանք, որ օրէնքին իսկ ճանաչողութեամբ գլորած էին

Կրկին կանգնեցան, իրենց առաջին ապրելակերպը

Բիւրապատիկ առաւելութեամբ գերազանցելով։

Եւ արդարեւ, երբ Աստուած է որ կ’արդարացնէ մեզ՝

Այլ եւս ո՞վ կարող է դատապարտել։

Ահա՛ բացայայտ այս վստահութեան ապաւինելով՝

Ես կործանածս կը դառնամ յաղթող,

Մոլորածս՝ կու գամ կենարար դարձի,

Ես չարագործս ամենաթշուառ՝ կ’ամրանամ յոյսով,

մահուան մատնուածս՝ կը զօրանամ կեանքով։

Եւ այս՝ շնորհիւ Յիսուս Քրիստոսի,

Եւ անոր հզօր եւ ահաւոր Հօր,

Եւ ճշմարտութեան Հոգւոյն անունով եւ բարի կամքով։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.