2015-06-18 08:24:00

«Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին մասնակցելու 1600 դիմում ներկայացուած է։


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Ոսկէ Ծիրան» 12րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 12-19 Յուլիսին:

Ըստ լրագրող Մելինէ Տօնոյեանի՝ 15 Յունիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է «Ոսկէ Ծիրան»ի հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան: Ծրագիրի տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեանի համաձայն՝ այս տարի փառատօնին մասնակցելու շուրջ 1600 դիմում ներկայացուած է՝ 105 երկիրներէ, ինչ որ կ՛ապացուցէ փառատօնին նկատմամբ աճող հետաքրքութիւնն ու ներկայացուող ժապաւէններուն աշխարհագրական ընդարձակումը: Ան նշած է, որ 12րդ «Ոսկէ Ծիրան»ի հիմնական առանցքը պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող ժապաւէններու ցուցադրութիւնը: «Բեմադրիչներ առանց սահմաններ»ու ծրագիրին պիտի մասնակցին տարբեր երկիրներու մշակոյթի նախարարներ: Ծրագիրի ծիրին մէջ պիտի ցուցադրուին մասնակից երկիրներուն մէջ վերջին տարիներուն բեմադրուած լաւագոյն ժապաւէնները, յայտնած է Միքայէլ Ստամբոլցեան:

Փառատօնի անփոխարինելի հովանաւոր «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան իր խօսքին մէջ դիտել տուած է, որ ուրախ ու հպարտ են, որ այս առաքելութիւնը կ՛իրականացուի: «Մենք հաւատում ենք, որ փառատօնը ոչ միայն միջազգային կինոփառատօն է, այլ՝ առաքելութիւն, որի նպատակն է էլ աւելի ճանաչելի դարձնել մեր երկիրը», նշած է Եիրիկեան:

Շարժապատկերներու ցուցադրութեան զուգահեռ պիտի կայանան ուսանողներու եւ շարժապատկերի սիրահարներու յատուկ վարպետութեան դասեր: Փառատօնը կը կազմակերպէ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը՝ «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի եւ Երեւանի քաղաքապետարանին աջակցութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.