2015-06-17 09:26:00

Սուրիական բանակը Հալէպի մէջ ետ մղած է ընդդիմադիր զինեալներու մեծ յարձակում մը


«Մայատին» կը հաղորդէ, որ ընդդիմադիր զինեալներ ռմբակոծեցին Արեւմտեան Հալէպի մէջ թաղամասեր, ուր արձանագրուեցան 31 զոհեր, որոնցմէ 12-ը` երեխաներ: Ռմբակոծումին զուգահեռ սուրիական բանակին եւ զինեալներուն միջեւ Ռաշիտին, Լայրամուն, Էշրեֆիէ, Մայսալուն եւ Պուսթան Քասր ճակատներուն վրայ բուռն բախումներ արձանագրուեցան:

Ընդդիմադիր զինեալները Ռաշիտին եւ Ժամհիեթ Զահրա ճակատներուն վրայ յարձակում շղթայազերծած են, սակայն սուրիական բանակը յաջողած է զանոնք ետ մղել, ապա բախումները ներառած են քաղաքի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Էշրեֆիէ եւ Խալիտիյէ ճակատները:

Այսպիսով, վերջ գտած է շուրջ ամիսէ մը ի վեր քաղաքին մէջ տիրող հանդարտութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.