2015-06-17 09:44:00

Մահացած է Ամերիկահայ գործարար Գըրգ Գըրգորեանը


Երկուշաբթի երեկոյեան մահացած է ամերիկահայ գործարար, բարերար, Հայաստանի ազգային հերոս Գըրգ Գըրգորեանը: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը` յղում ընելով MGM Resorts International–ին:

Գըրգորեանը, որ մեծ դեր ունեցած է Լաս Վէկասի կայացման գործին եւ տարիներ շարունակ ֆինանսական մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է Հայաստանին, 98 տարեկան էր:

«Ան մեծ մարդ էր, հրաշալի գործարար, նորարար, մեր ժամանակներու ամենահեղինակաւոր եւ ազդեցիկ ֆինանսիստներէն մէկը»,– իր յայտարարութեան մէջ ըսած է MGM Resorts International–ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ճիմ Միւրընը:

Գըրգորեանը «Ֆորպս»ի գնահատականով աշխարհի 393–րդ ամենահարուստ մարդն էր, որուն կարողութիւնը կը գնահատուի 4 միլիառ տոլար:

Գըրգ Գըրգորեան (Գրիգոր Ահարոն Գրիգորեան) ծնած է 1917 թուականին 19–րդ դարու վերջին Խարբերդէն Ֆրեզնօ գաղթած Ահարոն Գրիգորեանի ընտանիքին մէջ: Մինչեւ 1935 թուականը կատարած է զանազան աշխատանքներ, եղած է արհեստավարժ բռնցքամարտիկ: Այնուհետեւ ուսանած է օդաչուական դպրոց, դարձած է օդաչու-հրահանգիչ: Որպէս ռազմաօդային ուժերու օդաչու մասնակցած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին, որուն աւարտէն ետք զբաղած է օդանաւերու բաժնեթուղթերու առեւտուրով (1947-ին գնած է Los Angeles Air Service փոքրիկ օդանաւային ընկերութիւնը), ինչպէս նաեւ հիւրանոցային պիզնէսով: Կառուցած է Լաս Վէկասի «Ֆլամենկօ», «Էմ Ճի Կրանտ» եւ այլ խոշոր հիւրանոցներ: 1968-էն զբաղած է կինոարտադրութեամբ, «Մեթրօ Կոլտուին Մայըր» եւ «Եունայթըտ Արթիսթս» կինոստուտիոներու, «էմ Ճի Էմ Միրաժ» ընկերութեան  հիմնադիր բաժնետէրն է: Եղած է «Քրայսլըր Քորփորէյշըն»ի բաժնետէր:

Սպիտակի երկրաշարժէն ետք եւ շրջափակման տարիներուն Գըրգորեան մեծապէս օգնած է Հայաստանին ու Արցախին: Անոր հիմնադրած «Լինս»ի հիմնադրամը 2001-էն ի վեր 151 միլիոն տոլար տրամադրած է Հայաստանին` ճանապարհներու վերակառուցման, մշակութային հաստատութիւններու վերանորոգման, աղէտի գօտիի բնակարանաշինարարութեան, եւ 21 միլիոն տոլար` Հայաստանի մէջ փոքր եւ միջին ձեռներէցութեան զարգացման համար:

2004 թուականին հայրենիքին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար անոր շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն` Հայաստանի ազգային հերոսի կոչում:

1943 թուականին Գըրգորեան ամուսնացած է մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ Հիլտա Սմիթի հետ, ապա բաժանուած 9 տարի անց: 1955-ին ամուսնացած է նախկին պարուհի Ճին Մարի Եարտիի հետ: Այդ ամուսնութենէն Գըրգորեանը ունեցած է մէկ դուստր` Թրէյսին, եւ որդեգրած եւս մէկը` Լինտան: 29 տարի անց Գըրգորեանը կրկին ամուսնալուծուած է:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.